Հրաչ Տասնապետեանի «Իրագիտութիւն» ընդհանուր վերնագիրը կրող դասագիրքերու այս շարքը արեւմտահայերէնով պատրաստուած գիտական նիւթերու հարուստ աղբիւր մըն է։ Որպէս դասագիրք պատրաստուած ու հինգ հատորէ բաղկացող այս շարքը 20րդ դարու 60ական թուականներէն ի վեր լայնօրէն գործածուած է եւ բազմաթիւ հրատարակութիւններու արժանացած է։
Ընթերցողը այստեղ կը հանդիպի բնութեան կազմակերպութեան, անոր տրամաբանական կանոնաւորութեան, բոյսերու եւ կենդանիներու կազմուածքին, անկենդան տարրերու դասաւորումին, անոնց օգտակարութիւններուն, գիտութեան մարդկային բարօրութեան բերած նպաստին, զանազան ճարտարարուեստներուն, եւ շատ աւելիին։
Շարքին յառաջաբանին մէջ կը կարդանք, որ թէ՛ հեղինակը եւ թէ՛ հրատարակիչը ջանք չեն խնայած, որպէսզի մատուցուած լեզուն դպրոցական տարիքի ընթերցողներուն յարմար ըլլայ։
Ճիշդ է որ գիտական զարգացումներու լոյսին տակ՝ շարքին գործածուիլը որպէս դասագիրք կրնայ անյարմար նկատուիլ, սակայն շնորիւ նիւթերու բազմազանութեան, բառապաշարի հարստութեան, մատչելի լեզուին եւ կանոնաւոր ներկայացոին՝ կը մնայ շահեկան աղբիւր, թէ՛ դասարանէն ներս, թէ՛ այլ տեսակի նիւթեր պատրաստելու համար։
Հատորներուն թուայնացումը եւ թուային պատշաճեցումը կատարուած է Զնտուկի կողմէ։