մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Հիփփօ

Հիփփօ հայերէն եւ թրքերէն լեզուներով մանկական պատկերազարդ գիրքերու հրատարակչատունը կը գործէ Պոլսոյ մէջ։

Հրատարակչատան առաջնահերթութիւնն է հանրային խնդիրները նիւթ ունեցող գիրքերու միջոցաւ հասնիլ երեխաներուն, արծարծելով մանկական գործաւորութիւնը, աղքատութիւնը, գաղթականութիւնը, ընտանիքներուն կողմէ լքուած մանուկները եւ այլ նման խնդիրներ։
Թարգմանական գիրքերու ընտրութեան ժամանակ ուշադրութիւն կը դարձուին նաեւ երեխաներուն մտահոգութիւններուն՝ սէր, ընկերութիւն, աշակերտութիւն, հասունութիւն, եւ այլն։ Միւս կողմէ, ընտրուած գիրքերը տարբեր դիտանկիւններ կը մատուցեն, զգացումներու բազմազանութիւնը կը յիշեցնեն, մանուկները խաղի կը հրաւիրեն, զուարճանքէ ոչինչ կը զիջին եւ իրենց նկարներով արուեստի դռները կը բանան երեխաներուն առջեւ։

Հիփփօ գիրք նախաձեռնութիւնն է Պոլսոյ մէջ հրատարակչական աշխատանք տանող եւ վերջին 25 տարիներու արեւմտահայ հրատարակչական ասպարէզին մէջ իր ուրոյն եւ ազդեցիկ դերը ունեցող Արաս Հրատարակչատան։

աւելին

Սանդուխ՝

Անտառին գաղտնիքը

Բառաշխարհ

Փոթորիկ

Բանջարեղէններու ըմբոստութիւնը

Թագաւորն ու Ծովը

Մեծ տղաքը կու լան

Ոչխարներու նման բուրդ ունենայինք

Այլ նիւթեր՝

Հայկական համացանցային համալսարան

Առցանց դասերու հարթակ

Բարի լոյս Պուրպատիկ

Աստղիկը կ՚ուզէ արագ մեծնալ

Մէջ ընդ մէջ

Փորձագրութիւն