«Ալ կը բաւէ՛։ Այլեւս չենք արտօներ, որ այսպէս վարուին մեզի հետ, -Մեզ կենսանի՛ւթ կը կոչեն», կը պոռան բոլորը միաբերան։
Սառնարանին մէջ բաներ մը կը պատահին։ Կարծես ոչ մէկ բան իր տեղն է, մռթմռթոց եւ աղմուկ կը լսուի։ Սառնարանին դուռը գոց է, բայց կը վառի լոյսը։ Բանջարեղէնները, ա՛լ ձանձրացած զիրենք ուտել չուզող մանուկներէն, ապստամբութեան դրօշ պարզած են։