մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

ի՞նչ կու տայ

կու տա՜յ, կու տա՜յ,
ո՞վ կու տայ,
ի՞նչ կու տայ,
որո՞ւն կու տայ․

խնձորենին կու տայ,
խնձո՛ր կու տայ,
ինծի՛ կու տայ,
քեզի ալ կու տայ․

տանձենին կու տայ,
տա՛նձ կու տայ,
ինծի՛ կու տայ,
քեզի ալ կու տայ․

ծաղիկը կու տայ,
անո՜ւշ հոտ կու տայ,
ինծի՛ կու տայ,
քեզի ալ կու տայ․

մեղուն կու տայ,
մե՛ղր կու տայ,
ինծի՛ կու տայ,
քեզի ալ կու տայ․

հաւուկը կու տայ,
հաւկի՛թ կու տայ,
ինծի՛ կու տայ,
քեզի ալ կու տայ․

ոչխարը կու տայ,
բո՛ւրդ կու տայ,
ինծի՛ կու տայ,
քեզի ալ կու տայ․

այծիկը կու տայ,
կա՛թ կու տայ,
երբեմն ալ կի՛ց կու տայ,
ինծի՛ կու տայ,
քեզի ալ կու տայ․

կովիկը կու տայ,
կա՛թ կու տայ,
երբեմն ալ կի՛ց կու տայ,
ինծի՛ կու տայ,
քեզի՛ ալ կու տայ․

մայրիկը կու տայ,
պաչի՛կ կու տայ,
մի՛այն,
մի՛միայն
ինծի՛ կու տայ․

հայրիկը կու տայ,
փաթթո՛ւկ կու տայ,
մի՛այն,
մի՛միայն
ինծի՛ կու տայ․

կաղանդ պապուկը կու տայ,
նուէ՛ր կու տայ,
բոլորի՜ն կու տայ․

աւելին

Սանդուխ՝

Այս նիւթին հետ կարելի է գործածել նաեւ՝

Չորս ոչխար

Փաթթուկ

Երանի

Արդուկը

Այլ նիւթեր՝

Զարդիս մատենաշար

Ռազմաձի

Վէպ

Հոյամողէզներու սրահի շրջապտոյտ

Ծիրանի Անուշ

Նաթիւր մորթ եւ շարժում

Տեսերիզ