կու գա՜յ, կու գա՜յ,
ի՞նչ կու գայ․
փաթի՛լ, փաթի՛լ,
ձիւն կու գայ․
կու գա՜յ, կու գա՜յ,
ի՞նչ կու գայ․
կաթի՛լ, կաթի՛լ,
անձրեւ կու գայ․
կու գա՜յ, կու գա՜յ,
ի՞նչ կու գայ․
հատի՛կ, հատի՛կ,
կարկուտ կու գայ․
ամպիկները բարկացան․
տո՛ւմ, տու՛մ, որոտում․
ամպիկները զայրացան․
ծա՛կ, ծա՛կ, կայծակ․
անձրեւ կու գայ, ձիւն կու գայ,
արամիկը կը խաղայ,
հովանոցը կը բանայ,
անձրեւին տակ կը խնդայ,
հա՛ հա՛ հա՜․
անձրեւ թող գայ, ձիւն թող գայ,
արամիկը թող խաղայ,
հովանոցը թող բանայ,
անձրեւին տակ թող խնդայ,
հի՛ հի՛ հի՜․
կայծա՛կ, փայլակ, որոտո՛ւմ,
երկինքին մէջ իրարանցո՛ւմ․
հովանոցը կայ, կոթը չկայ․
կոթը կայ, հովանոցը չկայ․․․