մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

ձուկը մուկը

ձուկը ծո՛վը,
մուկը ծա՛կը․

ձո՛ւկը, մո՛ւկը
ծո՛վը, ծա՛կը․

ձուկը ծովէն հանեցի,
ալիւրին մէջ թաթխեցի,
իւղով միւղով տապկեցի․

ձո՛ւկը ուտեմ, փո՛ւշը նետեմ,
փո՛ւշը նետեմ, ձո՛ւկը ուտեմ․

փո՛ւշը ուտեմ, ձո՛ւկը նետեմ,
ձո՛ւկը նետեմ, փո՛ւշը ուտեմ․

խաբեցի՜, խաբեցի՜,
մուկը ծակէն հանեցի,
ալիւրին մէջ թաթխեցի,
իւղով միւղով տապկեցի․

ձո՛ւկը, մո՛ւկը, մէ՛կ տապակ,
մո՛ւկը, ձո՛ւկը, մէ՛կ տապակ․

ձո՛ւկը ուտեմ, մո՛ւկը նետեմ,
մո՛ւկը նետեմ, ձո՛ւկը ուտեմ․

մո՛ւկը ուտեմ, ձո՛ւկը նետեմ,
ձո՛ւկը նետեմ, մո՛ւկը ուտեմ․

ձո՛ւկ, մո՛ւկ,
սո՛ւտ մո՛ւտ․

ձուկը կլորակ
չունի լողակ․
ձուկը գիրուկ
չունի թեփուկ․

փո՛ւշ, փո՛ւշ,
զգո՜յշ․

աւելին

Սանդուխ՝

Այս նիւթին հետ կարելի է գործածել նաեւ՝

Անձրեւը

Անտրամաբանական

Կարթ ու թակարդ

Ախ ըլլայի ըլլայի

Այլ նիւթեր՝

Շրջում

Վէպ

Յանուն հօր եւ որդւոյ

Վէպ
Սփիւռք մատենաշար

Անջրպետի մը գրաւումը

Բանաստեղծութիւններ
Զարդիս մատենաշար

Վերջին հսկաները

Մանկապատանեկան վիպակ