մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

ջրծաղիկ

ծաղի՛կ, ծաղի՛կ,
ջրծաղիկ,
ամեն տեղ
բշտի՛կ, բշտի՛կ․

քիթիկին ծայրը,
այտիկին վրայ,
մատիկին ծայրը,
փորիկին վրայ․

բշտիկնե՜ր կարմրուկ,
ամեն տեղ քերուըտուք․

քիթիկին ծայրը,
այտիկին վրայ,
մատիկին ծայրը,
փորիկին վրայ․

շո՛ւտ կանչեցէք բժիշկը,
թող վերջանայ այս քերուըտուքը․

դեղարա՜ն, դեղարա՜ն,
դեղերը շարա՜ն, շարա՜ն․

դե՛ղ, դե՛ղ,
խմելիք դեղ․

դե՛ղ, դե՛ղ,
քսելիք դեղ․

արամիկը ջրծաղիկ ունի,
ամեն տեղ կը քերուըտի․

եթէ արամիկը ջրծաղիկ ունի,
ուրեմն նունիկին ալ կը փոխանցուի․

կը լոգնա՜յ, կը լոգնա՜յ,
արամիկը կը լոգնա՜յ,
քերուըտուքը թող երթա՜յ․

փրփուր կա՜յ,
ջուր չկա՜յ․

ծորակը բաց է,
ծորակը գոց է․
ջուրը պաղ է,
ջուրը տաք է․
քիչ մը պաղ է,
քիչ մը տաք է,
գաղջ է,
գաղջ է․․․

դեղարա՜ն, դեղարա՜ն,
դեղերը չկա՛ն․

աւելին

Այս նիւթին հետ կարելի է գործածել նաեւ՝

Լուացքը

Բժիշկը

Օճառը

Օճառը եւ օճառը

Լուացքը

Այլ նիւթեր՝

Նայիրի-Ստեղն

Արաս

Հիփփօ

Օրիորդ Շուշանիկ

Մանկապատանեկան վիպակ

Սեռականութեան պատմութիւն

Փիլիսոփայական