այն ո՞վ է․․․
պոչը ծաղի՞կ է,
թէ փուչիկ է․
գուշակելը դիւրին չէ՜,
դժուա՛ր է․
սիրամա՛րգն է,
սիրուն պոչը
ծաղկեփո՛ւնջ է․
պոչը գոց,
պոչը բաց,
կը քալէ
հպա՜րտ հպա՜րտ․․․
այն ո՞վ է․․․
ինքը մի՛ս է,
հագուստը փո՛ւշ է․
գուշակելը դիւրին է,
դժուար չէ՛․
փո՛ւշ է, փո՛ւշ է,
փո՛ւշ փո՛ւշ ոզնին է,
շոյուի՜լ կ՚ուզէ․
փո՛ւշ է, փո՛ւշ է,
փո՛ւշ փո՛ւշ ոզնին է,
շոյելը անկարելի է․
կ՚ամչնա՜յ, կ՚ամչնա՜յ,
փո՛ւշ փո՛ւշ հագուստը չկա՜յ․․․
կ՚ամչնա՜յ, կ՚ամչնա՜յ,
ծաղկեփունջ պոչը չկա՜յ․․․