մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

բարեւ

պատուհանը գո՛ց է,
պատուհանը բա՛ց է.
այն ո՞վ է.

պըճինկօ՛
նունիկն է,
արամիկին քոյրիկն է.

պըճինկօ՛,
արամիկն է,
նունիկին աղբարիկն է.

նունիկ, նունիկ,
խելօ՜ք քոյրիկ.
սանտրով
մազը կը սանտրէ,
ցնցուղով արեւածաղիկը կը ջրէ…

արամիկ, արամիկ,
խենդո՛ւկ աղբարիկ.
նունիկին մազը կը քաշէ
եւ ցնցուղը կը փախցնէ…

լաչի՛կ, լաչի՛կ,
խելօ՜ք փիսիկ.
միաո՜ւ, միաո՜ւ կը մլաւէ,
ժապաւէնը կը կապէ.

չալի՛կ, չալի՛կ,
խենդո՛ւկ շնիկ.
հա՜ֆ, հա՜ֆ կը հաջէ,
լաչիկին պոչիկը կը խածնէ.

լաչի՛կ, լաչի՛կ,
խելօ՜ք փիսիկ
ունի երկա՜ր պոչիկ.

չալի՛կ, չալի՛կ,
խենդո՛ւկ շնիկ
ունի կարճո՛ւկ պոչիկ.

պաչի՛կ, պաչի՛կ,
խելօք նունիկին,
պաչի՛կ, պաչի՛կ,
խելօք լաչիկին.

պատի՛ժ, պատի՛ժ,
խենդո՛ւկ արամիկին,
պատի՛ժ, պատի՛ժ,
խենդո՛ւկ չալիկին.

պո՛չ, պո՛չ,
երկա՜ր պոչ,
լաչիկը ունի
երկա՜ր պոչ.

ո՛չ, ո՛չ,
երկար պոչ,
չալիկը ունի
կարճո՛ւկ պոչ.

աւելին

Այս նիւթին հետ կարելի է գործածել նաեւ՝

Ափ եւ ծափ

Բարձ ու վերմակ, աստղ եւ լուսնակ

Աքլորիկը

Ընկերը

Ժամացոյցը

Այլ նիւթեր՝

Բնապահպանութիւն

Բնապահպանական միաւորներու շարք

Վիպումներ

Փիլիսոփայական

Գրականութիւնը եւ մահուան մեր իրաւունքը

Փիլիսոփայական
Զարդիս մատենաշար

Աստղագնաց ճամբորդին ուղեցոյցը

Վէպ