մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

արեւ անձրեւ ծիածան

արե՛ւ ելաւ,
ի՜նչ լաւ եղաւ.

անձրե՛ւ եկաւ,
ի՜նչ լաւ եղաւ.

արե՛ւ ելաւ,
անձրե՛ւ եկաւ.

անձրե՛ւ եկաւ,
արե՛ւ ելաւ.
գլուխս դարձաւ.

եօթը գոյնով ծիածան…

անձրեւ եկաւ,
արե՛ւ ելաւ.

արե՛ւ ելաւ,
անձրե՛ւ եկաւ,
ծիածա՛նը ո՜վ տեսաւ.

կարմիր ինչպէս շապիկս.
նարնջագոյն ինչպէս փողկապս.
դեղին ինչպէս տաբատս.

կանանչ ինչպէս կօշիկս.
կապոյտ ինչպէս գլխարկս.
մանիշակագոյն ինչպէս կոճակս.

արեւ եւ անձրեւ,
եօթը գոյնով ծիածան․

աւելին

Սանդուխ՝

Այս նիւթին հետ կարելի է գործածել նաեւ՝

Բարձ ու վերմակ, աստղ եւ լուսնակ

Փաթթուկ – ա

Փաթթուկ – բ

Եօթը Ընկեր

Հովանոցը

Աստղերուն տակ

Փայլուն աստղ եւ լուսին

Քանի մը օրէն

Այլ նիւթեր՝

Սիրանուշ

Մանկապատանեկան վիպակ
Սփիւռք մատենաշար

Հայ աղբրտիք

Արձակ ժողովածու

Աղուոր բաներ

Պէյրութի հայանուն փողոցները