մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

թրթուրիկ կամ թիթեռնիկ

կիրակի օր մը,
պզտիկ թրթուրիկը
կերաւ կանանչ տերեւ մը,
համը մնաց բերանը…
կրծե՜ց, կրծե՜ց թրթուրիկը…

երկուշաբթի՝
երկու տերեւ…

երեքշաբթի՝
երեք տերեւ…

չորեքշաբթի՝
չորս տերեւ…

հինգշաբթի՝
հինգ տերեւ…

ուրբաթ օր՝
բազմաթիւ տերեւներ…

կշտացա՜ւ շատակերը,
խոշորցա՜ւ թրթուրիկը,
դարձաւ գիրուկ թրթուր մը.

շաբաթ օրը՝
գիրուկ թրթուրը
թել թել խոզակ մը հիւսեց…
խոզակին մէջ
կծկուեցաւ,
մշի՜կ մշիկ քնացաւ…

շա՜տ քնացաւ, խորո՜ւնկ քնացաւ,
ե՜ւ
կիրակի օր մը
քունէն կշտացած արթնցաւ․
խըրթ խըրթ, խոզակը կրծեց,
խըրթ խըրթ, խոզակը ծակեց,
ու դուրս ելաւ…

թիթեռնի՜կ…

թրթուրիկ է, թրթուրիկ,
կերաւ տերեւ խածիկ խածիկ,
հիւսեց խոզակ թելիկ թելիկ,
քնացաւ մշիկ մշիկ.

թրթուրիկ է, թրթուրիկ,
քունէն ելաւ թիթեռնիկ,
թեւերով թերթիկ թերթիկ,
թռաւ ծաղիկէ ծաղիկ.

շա՜տ տարօրինակ…

խեղճուկրակ…

աւելին

Սանդուխ՝

Այս նիւթին հետ կարելի է գործածել նաեւ՝

Ծառը

Այլ նիւթեր՝

Փոքրիկ Նիկոլը

Պատանեկան պատմութիւններ

Ընդառաջում

Արձակներ

Ֆրանսահայ գրականութիւն

Գրականութիւն

Տարմ

Քննադատական ու գրականագիտական ուսումնասիրութիւններու հատոր