մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

խխունջիկ եւ խլուրդիկ

այն ո՞վ է…

տունիկը շալկած,
կը սողայ կամա՜ց կամաց…

տրտում տխուր խխունջիկ,
կը սողայ լռիկ մնջիկ․
կաթիլ կաթիլ անձրեւին տակ,
կը սողայ կամաց կամաց…

տրտում տխուր խխունջիկ,
չունի կօշիկ եւ տոտիկ․
կաթիլ կաթիլ անձրեւին տակ,
ինչպէ՞ս վազէ արագ արագ…

այն ո՞վ է…

կը փորէ՜, կը փորէ՜,
ակնոցը կը փնտռէ…

խլուրդի՛կն է,
կը փորէ՜, կը փորէ՜,
ակնոցը ո՞ւր է…

կը փորէ վե՛ր, վե՛ր, վե՛ր․
կը փորէ վա՛ր, վա՛ր, վա՛ր․
կը փորէ ա՛ջ, ա՛ջ, ա՛ջ․
կը փորէ ձա՛խ, ձա՛խ, ձա՛խ․
երբեմն ալ շեղակի․

լաբիւրինթոս
ակնոցը
ո՛չ հոն,
ո՛չ ալ հոս…

խխունջիկ ես, խխունջիկ ես,
տունիկիդ մէջ ի՞նչ կ՚ընես…

խխունջիկ ես, խխունջիկ ես,
գլուխդ դուրս պիտի հանե՞ս…

անտո՞ւն խխունջիկ…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա

Առցանց հանրագիտարան

Արդի տառատեսակ

Տառատեսակ

Արեւմտահայերէնի քերականութիւն – Բ.

Լեզուաբանական ուսումնասիրութիւն

Զար զընգը

Մանկապատանեկան վիպակ