մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

սեւուլիկ սարդիկը

երդիքէն իջաւ սարդիկ մը․
սահեցաւ վար, վար, վար,
բարձրացաւ վեր, վեր, վեր․
գնաց դէպի աջ, աջ, աջ․
դարձաւ դէպի ձախ, ձախ, ձախ…

վարէն անցաւ թրթուրիկը,
վեր նայեցաւ ու ըսաւ․

– սարդի՛կ, սարդի՛կ, վա՛ր իջիր,
  եկուր խաղա՛նք միասին…

– շա՜տ զբաղած եմ ընկերս,
  ժամանակ չունիմ քերելու գլուխս,
  պէտք է հիւսեմ ոստայնս…

պատասխանեց սեւուլիկ սարդիկը,
շարունակելով հիւսքը,
մէկ վար, մէկ վեր,
մէկ աջ, մէկ ձախ,
երբեմն ալ շեղակի…

վարէն անցաւ խխունջիկը,
վեր նայեցաւ ու ըսաւ․

– սարդի՛կ, սարդի՛կ, վա՛ր իջիր,
  եկուր խաղա՛նք միասին…

– շա՜տ զբաղած եմ ընկերս,
  ժամանակ չունիմ քերելու գլուխս,
  պէտք է հիւսեմ ոստայնս…

պատասխանեց սեւուլիկ սարդիկը,
շարունակելով հիւսքը,
մէկ վար, մէկ վեր,
մէկ աջ, մէկ ձախ,
երբեմն ալ շեղակի…

եւ հիւսե՜ց… եւ հիւսե՜ց…
նախշուն ոստայն մը հիւսեց…
թրթուրիկը տեսաւ հիացա՜ւ… հիանալի՜…
խխունջիկը տեսաւ սքանչացա՜ւ… սքանչելի՜…

իսկ սեւուլիկ սարդիկը
հպա՜րտ հպարտ
բազմեցաւ ոստայնին ճի՛շդ մէջտեղը,
հանգի՜ստ քերեց գլուխը…

սարդիկ, սարդիկ սեւուլիկ,
ունիս ութը հատ տոտիկ․
ութը մազոտ տոտիկին,
քանի՞ զոյգ կարմիր կօշիկ․

սարդիկ, սարդիկ սեւուլիկ,
ունիս ութը հատ տոտիկ․
չորս զոյգ ալ կարմիր կօշիկ,
բայց կը խաղաս միշտ բոպիկ․

ձեռագո՞րծ,
թէ ասեղնագործ․

տոտիկները համրեցի,
կօշիկները հագցուցի․

աւելին

Սանդուխ՝

Այս նիւթին հետ կարելի է գործածել նաեւ՝

Մեղրադդում

Մեծ դդում

Արդուկը

Այլ նիւթեր՝

ՀայՍփէլ

Զարդիս մատենաշար

Գորալին

Մանկապատանեկան վիպակ
Յուշամատեան

Երաժշտական արխիւ

Արդի տառատեսակ

Տառատեսակ