մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

մժեղ մոծակ

վերմակը,
փետուրէ բարձը,
սաւանը,
անկողինը,
իսկ մահճակալին տա՞կ…

մահճակալիս տակ
կայ մժեղ մոծակ,
ամեն գիշեր կը նուագէ
չորս թելով ջութակ, թա΄կ…

մահճակալիս տակ
կայ մժեղ մոծակ,
ամէն գիշեր կը նուագէ
երեք թելով ջութակ, թա΄կ…

մահճակալիս տակ
կայ մժեղ մոծակ,
ամէն գիշեր կը նուագէ
երկու թելով ջութակ, թա΄կ…

մահճակալիս տակ
կայ մժեղ մոծակ,
ամէն գիշեր կը նուագէ
մէկ թելով ջութակ…

միիիի՜…
ծա΄կ…
ո΄ւյ…

աղեղ ջութակ,
թաւջութակ,
բամբ ջութակ…

տաւիղ, սրինգ,
մէկը ունի լար,
միւսը ունի ծակ…

երկա՜ր փող,
գալարափող…

աղեղ ջութակ,
թաւջութակ,
բամբ ջութակ,
տաւիղ, սրինգ,
երկա՜ր փող,
գալարափող,
փչող, երգող եւ նուագող…

աւելին

Այս նիւթին հետ կարելի է գործածել նաեւ՝

Ճանճին պատմութիւնը

Մահճակալիս տակ

Մեր ամառը

Այլ նիւթեր՝

Սփիւռք մատենաշար

Կը հրաժարիմ հայութենէ

Վէպ

Տեսութիւն Ս. Փարաճանովի

Փորձագրութիւն
Յուշամատեան

Թահինով հացը – Տարչինով կամ առանց տարչինի

Տեսերիզ

Գիւտ մը նիւթ մը

Գիտական տեսերիզիներու շարք