մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

հտպիտը

այն ո՞վ է…

կարմիր քիթ,
մեծ բերան,
փրփուր մազ,
ծա՛կ գլխարկ…

կարմիր քիթ,
մեծ բերան,
փրփուր մազ,
ծա՛կ գլխարկ,
մէջէն ելաւ
նապաստա՛կ…

հտպիտը
մէյ մը ուրախ,
մէյ մը տխուր…

մէյ մը կը խնդա՜յ,
մէյ մը կու լա՜յ…

հտպիտին գլուխը
մէկ դէպի վար,
մէկ դէպի վեր… ե՜ւ…

չի՛կ չի՛կ,
կարմիր քիթը չի՛կ…

չի՛կ չի՛կ,
կարմիր քիթը եւ
մեծ բերանը չի՛կ…

չի՛կ չի՛կ,
կարմիր քիթը,
մեծ բերանը եւ
փրփուր մազերը չի՛կ…

չի՛կ չի՛կ,
հտպիտը չի՛կ…

կար ու չկար…

չը՜-րը՛խկ

ամանը ինկաւ, կոտրեցա՛ւ…
վա՜յ, վա՜յ, կոտրեցա՛ւ…

ամանը ինկաւ, կոտրեցաւ,
ոսպապուրն ալ թափեցա՛ւ…
վա՜յ, վա՜յ, թափեցա՛ւ…

ամանը ինկաւ, կոտրեցաւ,
ոսպապուրը թափեցաւ,
մայրիկն ալ բարկացա՛ւ…
վա՜յ, վա՜յ, բարկացա՛ւ…

կոտրեցա՛ւ,
թափեցա՛ւ,
բարկացա՛ւ,
հիմա ունիմ
երեք հատ ցաւ…

ո՜ւյ, ո՜ւյ, ո՜ւյ…

աւելին

Այս նիւթին հետ կարելի է գործածել նաեւ՝

հտպիտը

Երեք հատ ցաւ

Հայելին

Այլ նիւթեր՝

Ծիրանի Անուշ

ՀայՍփէլ

Ղազարաւան

Պատմուածք

Բարի լոյս Պուրպատիկ