մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Չղջիկը

Մուկերուն թագաւորը
տուրք կը հաւաքէր…
Ամեն մէկ մուկ
վճարած էր,
միայն չղջիկը
վճարած չէր…

Մուկերուն թագաւորը
կանչեց չղջիկը,
պահանջեց տուրքը…

Չղջիկը
թեւերը ցոյց տուաւ
ու ըսաւ`

– Ո՞վ տեսած է թեւերով մուկ…
Չէ, չէ, մուկ չեմ, թռչո՛ւն եմ,
ինչո՞ւ տուրք վճարեմ…

Թռչուններուն թագաւորը
անմիջապէս կանչեց չղջիկը,
պահանջեց տուրքը…

Չղջիկը
ակռաները ցոյց տուաւ
ու ըսաւ`

– Ո՞վ տեսած է ակռաներով թռչուն…
Չէ, չէ, թռչուն չեմ, մո՛ւկ եմ,
ինչո՞ւ տուրք վճարեմ…

Օր մը մուկ չէ,
թռչուն է…
Օր մը մուկ է,
թռչուն չէ…
Աչքը բաց չղջիկը
մինչեւ այսօր
տուրք վճարած չէ΄…

Մո՞ւկ է…
Թռչո΄ւն է…
Թռչո՞ւն է…
Մո՛ւկ է…

Չէ՛, չէ՛,
չղջի՛կ է…
Չէ՛, չէ՝,
չղջի՛կ է…

Գլուխը վար,
ոտքերը վեր,
աշխարհին
ծո՛ւռ, ծո՛ւռ կը նայի
ու կը ծիծաղի՜…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Փթիթ

Բարի լոյս Պուրպատիկ

Հայերէնի գիրքս

Կամուրջներ շինենք