մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Գաղտնիքներ

Լարե՜ր՝
ելեկտրակա՛ն լարեր,
լարերուն մէջէն կը հոսին
գաղտնիքնե՜ր…

Փոքրիկ ճնճղուկը
ելեկտրական լարին թառեցաւ
ու բոլո՜ր գաղտնիքները
ուշի ուշով մտիկ ըրաւ…

Փոքրիկ ճնճղուկը
ելեկտրական լարէն թըռ թռա՜ւ
ու բոլոր գաղտնիքները
ճնճղուկներուն ըսաւ…

Լուսաբացին,
ճիւ ճիւ ճնճղուկները
բոլո՜ր գաղտնիքները
պատմեցին բոլորի՜ն…

Եթէ լուսաբացին՝ գլուխդ տակաւին բարձին,
ճիւ ճիւ ճնճղուկներուն ականջ տաս,
այս աշխարհին
բոլո՜ր գաղտնիքները կը գիտնաս…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Գնդակ մը, խսիրէ աթոռներ եւ պաղպաղակ

Արեւմտահայերէնի քերականութիւն – Ա.

Լեզուաբանական ուսումնասիրութիւն

Իրագիտութիւն

Գիտական դասագիրքերու շարք

Հրապարակներ

Փորձագրութիւն