Հանելուկ է,
մտածէ՜,
պատասխանը
արդեօք ո՞ւր
մտած է…
Այն ո՞վ է…
Կանանչ ապուր միշտ կ’եփէ…
Կանանչ ապուր միշտ կ’ուտէ…
Եթէ չգիտնաս,
չըլը΄փ, չըլը΄փ,
տաք ապուրին մէջ կ’իյնաս…
– Չըլը΄փ, չըլը΄փ ո՞վ ինկաւ…
– Չըլը΄փ, չըլը΄փ Շուշի՛կը ինկաւ…
– Չըլը΄փ, չըլը΄փ ո՞վ ինկաւ…
– Չըլը΄փ, չըլը΄փ Նուշի՛կը ո՞վ ինկաւ…
յ․գ․
Այն երեխան,
որուն անունը կը տրուի,
կու գայ եւ շրջանակին մէջտեղը կը նստի,
ապա
խաղիկը կը կրկնուի
ու երբ հասնի վերջին տողը,
ի՛նք պէտք է յայտնէ
ուրիշի մը անունը…