մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Տօնածառ

Փաթիլ փաթիլ ձիւն կը տեղայ
ծառերուն վրայ,
իսկ մեր երդիքին տակը
տօնածառ մը կայ…

Տօնածառ տօնածառ,
շուրջը երգ ու պար…
Տօնածառ տօնածառ,
ճիւղէն կախուած
մաղթանք մը կայ
Շուշիկին համար…

Ուրախ ըլլաս, Շուշի՜կ…

Փաթիլ փաթիլ ձիւն կը տեղայ
ծառերուն վրայ,
իսկ մեր երդիքին տակը
տօնածառ մը կայ…
 
Տօնածառ տօնածառ,
շուրջը երգ ու պար…

Տօնածառ տօնածառ,
ճիւղէն կախուած
մաղթանք մը կայ
Նուշիկին համար…

Արցունք չունենաս, Նուշի՜կ…

յ․գ․
 
Խաղը կը սկսի,
բոլորը միասնաբար կը կրկնեն խաղիկը
եւ երեխայ մը
գեղեցիկ մաղթանք մը կը ստանայ…
 
Խաղը կը շարունակուի
եւ երբ կը հասնի մաղթանքի պահը,
այն երեխան որ մաղթանք մը ստացած էր,
պէտք է ընտրէ յաջորդին անունը,
որ իր ընկերն ալ ստանայ նոր մաղթանք մը…
 
Եւ այսպիսով
խաղը կը գլորի,
մինչեւ բոլոր երեխաները
ստանան գեղեցիկ մաղթանքներ…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Զարդիս մատենաշար

Մինչ մազերս կ՚երկննային

Մանկապատանեկան վիպակ
Սփիւռք մատենաշար

Արեւ, արեւ

Վէպ

Պատառիկներ

Մանկական ձայներիզներու շարք

Բարի լոյս Պուրպատիկ