մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Փայլուն աստղը

Անտառին մէջ
զարդարուած
ծառ մը կայ,
ճիւղերէն
երկու սալոր,
երեք խնձոր,
չորս կաղին,
հինգ ստեպղին,
փայլուն աստղ մը գագաթին…

Սալորը՝
եղնիկին, եղջերուին,
խնձորը՝
խըռ խըռ խռկացող
ոզնիին,
կաղինը՝
սկիւռին,
ստեպղինը՝
նապաստակին,
փայլուն աստղը՞…

Սալորը՝
եղնիկին, եղջերուին,
խնձորը՝
խըռ խըռ խռկացող
ոզնիին,
կաղինը՝
սկիւռին,
ստեպղինը՝
նապաստակին,
փայլուն աստղը
չամիչ ուտող Շուշիկին…
 
Շուշիկին աչուկները
փաս փայլուն, փաս փայլուն…

Անտառին մէջ
զարդարուած
ծառ մը կայ,
ճիւղերէն
երկու սալոր,
երեք խնձոր,
չորս կաղին,
հինգ ստեպղին,
փայլուն աստղ մը գագաթին…

Սալորը՝
եղնիկին, եղջերուին,
խնձորը՝
խըռ խըռ խռկացող
ոզնիին,
կաղինը՝
սկիւռին,
ստեպղինը՝
նապաստակին,
փայլուն աստղը՞…

Սալորը՝
եղնիկին, եղջերուին,
խնձորը՝
խըռ խըռ խռկացող
ոզնիին,
կաղինը՝
սկիւռին,
ստեպղինը՝
նապաստակին,
փայլուն աստղը
ընկոյզ ուտող Նուշիկին…

Նուշիկին աչուկները
փաս փայլուն, փաս փայլուն…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Երդիք

Մանկական տեսերիզներու ծրագիր

Յուշամատեան

Մրջիւններու վերջալոյսը

Վէպ

Կարմիր կօշիկ

Մանկական գրքոյկ