մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Մեծ հայրիկին հեքիաթը

Մեծ հայրիկին ցուցամատը երբ շարժի,
աղմուկը ծխնելոյզէն կը փախչի…
Մեծ հայրիկը պեխին տակէն կը ժպտի,
կար ու չկար՝ հեքիաթը կը սկսի…

Կը գլորի, կը գլորի,
մեծ հայրիկին հեքիաթը
գընտըլ մընտըլ, գընտըլ մընտըլ կը գլորի…

Մեծ հայրիկին ցուցամատը երբ շարժի,
աղմուկը ծխնելոյզէն կը փախչի…
Մեծ հայրիկը պեխին տակէն կը ժպտի,
կար ու չկար՝ հեքիաթը վերջ չունի…

Կը գլորի, կը գլորի,
մեծ հայրիկին հեքիաթը
գընտըլ մընտըլ, գընտըլ մընտըլ կը գլորի…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

ՀայՍփէլ

Սփիւռք մատենաշար

Խոնարհները

Պատմուածքներ

Պուրակ

Կայքէջ
Երդիք

Ակուլ Տուկուլ