մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Հաւուկ հաւիկ

Հաւուկ, հաւիկ, խատուտիկ,
կու տամ քեզի, կուտ կուտիկ…

Կուտիկ ուտես, գիրուկնաս,
հաւկիթ ածես ինծի տաս…

Հաւուկ, հաւիկ, խատուտիկ,
առանց քեզի չկայ Զատիկ…

Զատիկ է, Զատիկ,
հաւիկը ածեց
կարմիր հաւկիթ։

Զատիկ է, Զատիկ,
հաւիկը ածեց
դեղին հաւկիթ։

Զատիկ է, Զատիկ,
հաւիկը ածեց
կանանչ հաւկիթ։

Զատիկ է, Զատիկ,
հաւիկը ածեց
կապոյտ հաւկիթ։

Զատիկ է, Զատիկ,
հաւիկը ածեց
գոյն գոյն հաւկիթ։

Զատիկ է, Զատիկ,
եկէք խաղանք
թաք թաք հաւկիթ,
թոք թոք հաւկիթ։

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Փոքրիկ

Հէքիաթներու աշխարհ

Նամակներ Զաաթարէն

Վէպ
Յուշամատեան

Թահինով հացը – Տարչինով կամ առանց տարչինի

Տեսերիզ

Պատկեր, պատում, պատմութիւն – հատոր 1

Փիլիսոփայական