մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Սանդուխ՝

Գլուխկոնծի

Ա՜խ, ախ,
աջ ձեռքս կը ցաւի…

Ո՛չ աջ ձեռքս,
ձա՛խ ձեռքս կը ցաւի…

Ոչ աջ ձեռքս,
ոչ ձախ ձեռքս,
աջ ո՛տքս կը ցաւի…

Ոչ աջ ձեռքս,
ոչ ձախ ձեռքս,
ոչ աջ ոտքս,
ձա՛խ ոտքս կը ցաւի…

Ոչ աջ ձեռքս,
ոչ ձախ ձեռքս,
ոչ աջ ոտքս,
ոչ ձախ ոտքս,
փորի՛կս կը ցաւի…

Ոչ աջ ձեռքս,
ոչ ձախ ձեռքս,
ոչ աջ ոտքս,
ոչ ձախ ոտքս,
ոչ փորիկս,
կոկո՛րդս կը ցաւի…

Ոչ աջ ձեռքս,
ոչ ձախ ձեռքս,
ոչ աջ ոտքս,
ոչ ձախ ոտքս,
ոչ փորիկս,
ոչ կոկորդս,
գլո՛ւխս կը ցաւի…

Գլուխկոնծի՜…
Եօթը անգամ գլուխկոնծի
ե՜ւ
գլխացաւը գընտըլ մընտըլ կը գլորի՜…

Գլուխկոնծի՜…
Եօթը անգամ գլուխկոնծի
ե՜ւ
Բարեկենդանը կը սկսի՜…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Կիրակոսը

Մանկապատանեկան վիպակ

Կրկնագիր մարդը

Վէպ

Մերինները

Պատում
Զարդիս մատենաշար

Գորալին

Մանկապատանեկան վիպակ