Ամբողջ վիճաբանութեան ընթացքին Սիլվա լուռ մնաց ու առանց սովորականին պէս ինծի սպասելու, լայն քայլերով դէպի իր ինքնաշարժը ուղղուեցաւ։
«Սի՛լ, կեցի՛ր վայրկեան մը», ըսի ետեւէն վազելով։
«Երբեմն անանկ բաներ կ՚ընես որ… Չեմ կրնար հաւատալ, որ բոլորովին անծանօթ աղջիկ մը ներ առեր ես…», մրմրթաց Սիլվա, առանց ետեւ նայելու։
«Սի՛լ, հաճի՛ս, հիմա վիճաբանելու սիրտ չունիմ։ Վաղը պիտի ձգէ երթայ։ Ի՞նչ կ՚ուզէիր որ ընէի։ Փողոցը ձգէի որ ծեծէին կամ սպաննէի՞ն։ Վստահ եմ որ եթէ տեղս ըլլայիր՝ դուն ալ նոյնը պիտի ընէիր»։