Ընդմէջ գեղարուեստական արձակին եւ փորձագրութեան-էսսէին, այս անտիպ գրութիւնը, որոշ «երեւութաբանական մօտեցումով» կը սեւեռէ «հրապարակը» որպէս քաղաքային տարածք եւ գոյութեան բնավայր։
Գրիգոր Պըլտեանի 75 ամեակին նուիրուած այս շարքը կը ներկայացնէ գրողին անտիպ թէ տպուած երկերէն հատընտիր անջատ գործեր։ Նախաձեռնութիւնն է «Գրիգոր Պըլտեանի բարեկամներու շրջանակ»ին։