մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Պաթոլա կամ Բատոլա – պատկեր բ

Մենք կը խաղանք արտերուն մէջ, երբ որ գայլը հոս չէ,
գա՛յլ, գա՛յլ, ո՞ւր ես դուն…
Մէկ քայլ, երկու քայլ, երեք քայլ, չորս քայլ՝ կը մօտենա՜մ…
Քայլ առ քայլ,
քանի՞ քայլ… Չո՛րս քայլ… Գայլ եւ գայլ,
քանի՞ գայլ, աո՜ւ…
Մէկը Գի՛մ է, միւսը Քէ՛ է… Կը շուարիմ, կը շփոթեմ… Գի՞մ է, Քէ՞ է…
Թէ՛ Գիմ է, թէ՛ Քէ է…
Ո՞վ կը վախնայ Գիմ-ով գայլէն… Ես չե՛մ վախնար Գիմ-ով գայլէն…
Դո՛ւն կը վախնաս Գիմ-ով գայլէն, հա հա հա՜…
Տըռ տը՛ռ Ղազար, Վախկո՛տ Ղազար, ինչո՞ւ պատի գոյն դարձար…
Մենք կը խաղանք արտերուն մէջ, երբ որ գայլը հոս չէ,
գա՛յլ գա՛յլ, ո՞ւր ես դուն…

Հինգ քայլ, վեց քայլ, եօթը քայլ, ութ քայլ՝ կը մօտենա՜մ…
Քայլ առ քայլ,
քանի՞ քայլ… Ութ քայլ… Գայլ եւ գայլ,
քանի՞ գայլ, աո՜ւ…
Մէկը Գի՛մ է, միւսը Քէ՛ է… Կը շուարիմ, կը շփոթեմ… Գի՞մ է, Քէ՞ է…
Թէ՛ Գիմ է, թէ՛ Քէ է…
Ո՞վ կը վախնայ Գիմ-ով գայլէն… Ես չե՛մ վախնար Գիմ-ով գայլէն…
Դո՛ւն կը վախնաս Գիմ-ով գայլէն, հա հա հա՜…
Տըռ տը՛ռ Ղազար, Վախկո՛տ Ղազար, ափալ թափալ ո՞ւր փախար…
Մենք կը խաղանք արտերուն մէջ, երբ որ գայլը հոս չէ,
գա՛յլ գա՛յլ, ո՞ւր ես դուն…
Ինը քայլ, տասը քայլ, կու գա՜մ… Գա՛յլը եկաւ, գա՛յլը եկաւ…
Գայլ եւ գայլ, վոհմա՛կ մը, աո՜ւ…

Վախնալի՞ք թէ խնդալիք… Խնդալի՜ք…
Խնդալի՞ք թէ խենթանալիք… Խենթանալի՜ք…
Տըռ տը՛ռ Ղազար, խենթացար,
խնդալէն մարեցար,
մեծ կաթսային մէջ ինկար…

Գացէք տեսէք ո՞վ է կերեր այծը… Գացինք տեսանք գա՛յլն է կերեր այծը… Գայլը այծը, այծը արտը,
ետքայլ՝
արտը այծը, այծը գայլը, Գիմ-ով գայլը, աո՜ւ…

Օժանդակուած է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան կողմէ։

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Զարդիս մատենաշար

Ե՛ս եմ ամենէն ուժովը

Մանկական գրքոյկ

Յանուն հօր եւ որդւոյ

Վէպ

Քննադատական մտածողութիւնը լիբանանահայ վարժարաններուն մէջ

Մանկավարժական ուսումնասիրութիւն

Հայ կեանք եւ գրականութիւն