Ուրախութեամբ կը տեղեկացնենք որ 2024-ին արեւմտահայերէնով ամառնային «Զարմանազան» ճամբարը տեղի պիտի ունենայ թէ՛ Ֆրանսայի, թէ՛ Միացեալ Նահանգներու մէջ։
«Զարմանազան»ը այն վայրն է, ուր Սփիւռքի երեխաները, պատանիները, երիտասարդները, ուսուցիչները եւ ուղեկիցները կը միանան եւ լեզուն հաճոյքով կ՚ապրին։
Ծրագիրը ունի երեք բաղադրիչներ, որոնք սերտօրէն առնչուած են իրարու.
- 10-էն 17 տարեկան երեխաներու եւ պատանիներու համար նախատեսուած ծրագիր մը (Ֆրանսա եւ Միացեալ Նահանգներ),
- 18-էն 24 տարեկան երիտասարդներու համար նախատեսուած ծրագիր մը (Ֆրանսա),
- Սփիւռքի արեւմտահայերէն դասաւանդող ուսուցիչներուն ուղղուած համալսարանական ծրագիր մը (Ֆրանսա)։
Պատանիները եւ երիտասարդները պիտի մասնակցին համատարիքային ու բազմատարիքային զանազան աշխատանոցներու, որոնք կ՚ընդգրկեն տեսողական եւ լսատեսողական արուեստներ, արհեստներ, երաժշտութիւն, մարմնային եւ թատերական արտայայտութեան զարգացում, ազատ գրութեան եւ գրական ընթերցումներու նուիրուած նիստեր, խմբային խաղեր, բնութեան մէջ պտոյտներ եւ ճամբորդութիւններ։
Բոլոր նիստերուն ու աշխատանոցներուն ընթացքին՝ յարաբերութեան եւ հաղորդակցութեան լեզուն պիտի ըլլայ հայերէնը, մասնագէտ ու տաղանդաւոր ուղեկիցներու ներկայութեամբ։ Առօրեայ կեանքին բոլոր պահերը միասնաբար կը կատարուին ու կ՚ապրուին։
Միացեալ Նահանգներու առաջին ճամբարը տեղի պիտի ունենայ Քալիֆորնիոյ մէջ, 2024-ի Յունիս 7-էն Յունիս 27։ Դիմումները բաց են մինչեւ 2024-ի Յունուար 31, տեղական ժամով իրիկուան 11-ին։
Ֆրանսայի 8-րդ ճամբարը տեղի պիտի ունենայ Ալպեան լեռներուն մէջ, 2024-ի Յուլիս 11-էն Օգոստոս 6։ Դիմումները պիտի բացուին 2023-ի Դեկտեմբեր 10-ին եւ պիտի փակուին 2024-ի Փետրուար 15-ին, Կրինիչի ժամով 23։00-ին։
Անհրաժեշտ է յարգել ժամկէտերը։ Երկու ճամբարներու մասնակիցներուն թիւը սահմանափակ է։
Ֆրանսայի Զարմանազանը վաւերացուած է Կրթութեան եւ Երիտասարդութեան Նախարարութեան կողմէ։
Միացեալ Նահանգներու Զարմանազանը վաւերացուած է Քալիֆորնիոյ Քըրն Գաւառի Բնութեան Առողջապահութեան Բաժանմունքին կողմէ։