մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Սանդուխ՝

Պաթոլա կամ Բատոլա – պատկեր գ

Մէկ երկու, Քեռի Մինաս…
Երեք չորս, խը՜ռ խըռ կը քնանաս…
Հինգ վեց, անկողինէն վա΄ր կ’իյնաս, կ’արթննաս…
Եօթը ութ, դուռը կը բանաս…
Ինը տասը, վա΄յ, Քեռի Մինաս,
առանց տաբատի ո՞ւր կ’երթաս…

Մէկ երկու, Քեռի Մինաս…
Երեք չորս, խը՜ռ խըռ կը քնանաս…
Հինգ վեց, անկողինէն վա΄ր կ’իյնաս, կ’արթննաս,
տաբատդ հագնելու չմոռնա՜ս…
Եօթը ութ, դուռը կը բանաս…
Ինը տասը, վա΄յ, Քեռի Մինաս,
առանց շապիկի ո՞ւր կ’երթաս…

Մէկ երկու, Քեռի Մինաս…
Երեք չորս, խը՜ռ խըռ կը քնանաս…
Հինգ վեց, անկողինէն վա΄ր կ’իյնաս, կ’արթննաս,
շապիկդ հագնելու չմոռնա՜ս…
Եօթը ութ, դուռը կը բանաս…
Ինը տասը, վա΄յ, Քեռի Մինաս,
առանց կօշիկի ո՞ւր կ’երթաս…

Մէկ երկու, Քեռի Մինաս…
Երեք չորս, խը՜ռ խըռ կը քնանաս…
Հինգ վեց, անկողինէն վա΄ր կ’իյնաս, կ’արթննաս,
կօշիկդ հագնելու չմոռնա՜ս…
Եօթը ութ, դուռը կը բանաս…
Ինը տասը, վա΄յ, Քեռի Մինաս,
կօշիկդ կապէ, վար չիյնա՜ս…

Մէկ երկու, Քեռի Մինաս…
Երեք չորս, խը՜ռ խըռ կը քնանաս…
Հինգ վեց, անկողինէն վա΄ր կ’իյնաս, կ’արթննաս,
կօշիկդ կապելու չմոռնա՜ս…
Եօթը ութ, դուռը կը բանաս…
Ինը տասը, վա΄յ, Քեռի Մինաս,
առանց մեզի ո՞ւր կ’երթաս…

Համբերէ՜, հիմա կը գիտնաս…

Մէկ երկու, աստիճանէն վե΄ր կ’ելլես…
Երեք չորս, օձին գլուխէն վա΄ր կ’իջնես…
Հինգ վեց, զո΄յգ զառերը կը գլորես…
Եօթը ութ, մինչեւ հարիւր կը համրես…
Ինը տասը, կը հասնիս կրկէս…

Ժամը ճի΄շդ հինգուկէս…
Հինգուկէ՞ս թէ վեցուկէս…
Երէկուան պէս, եօթուկէս…
Մուտքը ազատ է, հրամմէ ներս…

Կրկէսին մէջ` այն ո՞վ է…
Լարին վրայ կ’երթա՜յ, կու գայ,
վե՜ր վար կը խաղայ…

Վա՛յ, Քեռի Մինաս,
լարին վրայ կ’երթա՜ս, կու գաս,
վար չիյնա՜ս…

Քեռի Մինասը` լարախաղաց,
մենք մնացինք ապշած` բերաննիս բաց…

Բերա΄նդ գոցէ,
ճա΄նճ կը մտնէ…

Ճանճին պատմութիւնը գիտե՞ս…
Ո΄չ…
Ոչ` ըսելէն բան մը չ’ելլեր,
ճանճին պատմութիւնը գիտե՞ս…
Ըսի ո΄չ…

Մեր խաղին մէջ ո΄չ մը կայ…
Ո՞չ, թէ որջ…

Մեր խաղին մէջ ո΄րջ մը կայ, օ՜հ…
Որջին մէջը ա΄րջ մը կայ, ա΄հ…
Կը քնանա՜յ, հա՜…
Ե՞րբ պիտի արթննայ…
Երբ Բարեկենդա΄նը գայ, ա΄հ…

Գացէք տեսէք ո՞վ է կերեր գայլը…
Գացինք տեսանք ա΄րջն է կերեր գայլը…

Արջը գայլը, գայլը այծը, այծը արտը,
ետքայլ՝
արտը այծը, այծը գայլը, գայլը արջը…

Խնդալի՞ք թէ վախնալիք… Վախնալի՜ք…
Վախէն սի΄րտը կը փրթի, չը΄րթ փըրթ…

Տըռ տը΄ռ Ղազար, Վախկո΄տ Ղազար,
քա΄ջ եղիր, մի΄ վախնար…

Ժնջի՜լ ժնջիլ, կանանչ խոտը ո՞ւր է…
Ա΄յծը կերաւ…
Ժնջի՜լ ժնջիլ, այծը ո՞ւր է…
Գա΄յլը կերաւ…
Ժնջի՜լ ժնջիլ, գայլը ո՞ւր է…
Ա΄րջը կերաւ…
Ժնջի՜լ ժնջիլ, արջը ո՞ւր է…

Գացէք տեսէք ո՞վ է կերեր արջը…
Գացինք տեսանք սո΄ւրն է կերեր արջը…

Սուրը արջը, արջը գայլը՝ Գիմով գայլը,
գայլը այծը, այծը արտը,
ետքայլ՝
արտը այծը, այծը գայլը՝ Գիմով գայլը,
գայլը արջը, արջը սուրը…

Սուրը սո΄ւր է,
սուրը բո΄ւթ է,
սո΄ւր է, բո΄ւթ է,
ժանգոտած է…

Ժա΄նգը… Ժա΄նգը…
Վտա΄նգը… Վտա΄նգը…
Ահազա΄նգը`
Մի՜… նա՜ս…
չիյնա՜ս… չիյնա՜ս…
Ղո՜ւ կա՛ս…
կո՜ւ գա՛ս… կո՜ւ գա՛ս…

Օժանդակուած է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան կողմէ։

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Քննադատական մտածողութիւնը լիբանանահայ վարժարաններուն մէջ

Մանկավարժական ուսումնասիրութիւն

Կեանքիս ամենէն աղուոր օրը

Մանկական գրքոյկ

Յառաջ օրաթերթ

Մամուլի թուային արխիւ
Սփիւռք մատենաշար

Արեւ, արեւ

Վէպ