մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Նայիրի կայքէջէն նշումներ՝ ձայներ

Նայիրի կայքէջին տրամադրած բազմաթիւ գանձերէն այստեղ ներկայացուած են զանազան առարկաներու եւ կենդանիներու ձայներու աղբիւրներ։ «Հայոց լեզուի նոր բառարան»-ը կու տայ շուրջ 200 ձայներ։ Նման բաժին մը ունի «Բառարան գանձարան հայերէն լեզուի»-ն, ուր հարիւրաւոր ձայներ ցանկագրուած են։

Նայիրի կայքէջէն նշումներ՝ անուններ

Նայիրի կայքէջին տրամադրած բազմաթիւ գանձերէն այստեղ ներկայացուած են շարք մը անձնանուններու աղբիւրներ։ Հայկական արական եւ իգական անուններու համար կարելի է այցելել «Հայոց լեզուի նոր բառարան»-ի անձնանուններու բաժինները՝ Հայկական արական անուններու բառարան Հայկական իգական անուններու բառարան Օտար անուններու հայերէն տարբերակներուն համար կարելի է այցելել «Բառարան Անգղիերէն եւ Հայերէն»-ի անձնանուններու բաժինը՝ Արական անուններ Իգական անուններ

Նայիրի կայքէջէն նշումներ՝ բարբառներ

Նայիրի կայքէջին տրամադրած բազմաթիւ գանձերէն այստեղ ներկայացուած են բարբառներու բառարաններ։ «Հայերէն գաւառական բառարան»-ը իւրաքանչիւր բառին պատկանած բարբառը նշելով բացատրութիւն կու տայ։ Այլ կարեւոր բառարան մըն է «Հազար ու մէկ բառ ու բան հայոց խօսից բարբառէն», որ կու տայ բառերու խօսակցական գործածութիւններ։

Նայիրի

«Նայիրի» հայերէնի ելեկտրոնային բառարաններու գրադարան է։ Կայքէջը ունի հայերէնի, ինչպէս նաեւ երկլեզու թուային բառարաններ։ Բառ մը փնտռելու համար կարելի է գործածել գլխաւոր էջին վրայ գտնուող տուփիկը։ Նոյն տուփիկը կարելի է գործածել նաեւ ուղղագրութիւն սրբագրելու եւ նմանաձայն բառեր գտնելու համար։ ՆԿԱՐԻ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ (1-2) Գրելու համար կարելի է ձեր նախասիրած հայերէն ստեղնաշարը ընտրել սեղմելով փոքրիկ ստեղնաշարի նկարը։ […]

Բառաստան

«Բառաստան»ը առցանց բառարան եւ բառացուցակ մըն է, որ կը պարունակէ հայերէն 35 հազար եւ ֆրանսերէն շուրջ 25 հազար բառ: Բառաստանը կարելի է գործածել գլխաւոր երկու ձեւով, թէ՛ որպէս բառարան, կատարելով որոնումներ եւ թէ՛ որպէս բառացուցակ, հետեւելով 32 բնաբանական գլուխներէ բաղկացած ցուցակին։ Բառացուցակին 32 գլուխները բաժնուած են ութը մասերու՝ «Առօրեայ կեանք», «Մարմին եւ ժամանց», «Բնութիւն եւ […]

Բառաշխարհ

«Բառաշխարհ» աշխարհ մըն է ուր տեղ գտած են մեզ շրջապատող եւ առօրեային վերաբերող էակներ, առարկաներ եւ գաղափարներ՝ տուն, խոհանոց, պարտէզ, փողոց, բնութիւն, անասուններ, առողջապահութիւն, սնունդ, հագուստեղէն եւ դեռ ինչե՜ր… «Բառաշխարհ» գիրք մըն է, զոր կարելի է գործածել որպէս ուսուցման օժանդակ աշխատանքի գիրք, որպէս բառապաշարի աղբիւր եւ կամ պարզապէս հաճոյքով թերթատել։