Զարմանազան 2023
2023 տարեշրջանի «Զարմանազան»՝ արեւմտահայերէնով ամառնային ծրագիրը տեղի պիտի ունենայ Ֆրանսայի Ալպեան լեռներու «Օթ-Սաւուա» կոչուած շրջանը, 11 Յուլիսէն մինչեւ 6 Օգոստոս 2023։ Կրնաք արդէն իսկ ձեր դիմումը կատարել։ Զարմանազանը այն վայրն է, ուր սփիւռքի երեխաները, պատանիները, երիտասարդները, ուսուցիչները եւ ուղեկիցները կը հաւաքուին եւ լեզուն հաճոյքով կ՚ապրին։ Ծրագիրը ունի երեք բաղադրիչներ, որոնք սերտօրէն առնչուած են իրարու. 10-էն […]
Զարմանազան 2024
Ուրախութեամբ կը տեղեկացնենք որ 2024-ին արեւմտահայերէնով ամառնային «Զարմանազան» ճամբարը տեղի պիտի ունենայ թէ՛ Ֆրանսայի, թէ՛ Միացեալ Նահանգներու մէջ։ «Զարմանազան»ը այն վայրն է, ուր Սփիւռքի երեխաները, պատանիները, երիտասարդները, ուսուցիչները եւ ուղեկիցները կը միանան եւ լեզուն հաճոյքով կ՚ապրին։ Ծրագիրը ունի երեք բաղադրիչներ, որոնք սերտօրէն առնչուած են իրարու. 10-էն 17 տարեկան երեխաներու եւ պատանիներու համար նախատեսուած ծրագիր մը […]
Զարմանազան 2022` Վերստին լեզուն ապրիլ միասնաբար
«Երբեք չէի կրնար երեւակայել, որ Զարմանազանը այսքան պիտի կապէր զիս լեզուիս եւ մշակոյթիս։ Որպէս հայ՝ յաճախ զգացած եմ որ մեր մշակոյթը կը սկսի ու կը վերջանայ ողջ մնալու պարտադրանքով եւ հնաւուրց սնտուկէ մը հին գիրքեր եւ աւանդութիւններ քաղելով։ Զարմանազանը հիմնովին փոխեց այդ ունեցած տպաւորութիւնս։ Անդրադարձայ որ հնարաւորութիւնը կար հայերէն լեզուով գոյութիւն ունենալու եւ լեզուն ապրելու»։ […]
Զարմանազան 2025
9-րդ «Զարմանազան» արեւմտահայերէնով ամառնային ծրագիրը պիտի կայանայ Ֆրանսայի Ալպեան լեռներու «Օթ-Սաւուա» շրջանին մէջ։ Դիմումները կ՚ընդունուին մինչեւ 21 Փետրուար 2025, Կրինիչի միջին ժամով 23։00։ դիմել
Լիբանանի մէջ ուսուցիչներու վերորակաւորման ծրագիր 2021-2023
Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքը եւ Լիբանանի Ամերիկեան Համալսարանը (LAU) կը գործակցին հայկական դպրոցներուն մէջ հայերէնով դասաւանդող ուսուցիչներու վերորակաւորման համար։ Ծրագիրը մաս կը կազմէ 2019-ին Հիմնարկութեան կողմէ Լիբանանի համար նախատեսուած համընդհանուր ռազմավարութեան եւ նպատակն է քաջալերել նորարար մանկավարժական մօտեցումներն ու քննադատական մտածողութիւնը։ Յայտագիրը պատրաստուած է Լիբանանի Ամերիկեան Համալսարանի կրթական բաժանմունքին կողմէ եւ կ՚ընդգրկէ երկու տարուան […]
Զարցանց 2.1, արեւմտահայերէն աշխատանոցները անգամ մը եւս առցանց
Քաջալերուելով Զարցանց 2.0-ի փորձառութենէն եւ տակաւին սահմանափակուած ըլլալով համաճարակային պարմաններով, Զարմանազանը այս տարի եւս առցանց էր։ Ծրագիրը ունի երեք բաղադրիչներ որոնք սերտօրէն առընչուած են իրարու. 10-էն 17 տարեկան պատանիներու համար նախատեսուած ծրագիր մը. 18-էն 24 տարեկան երիտասարդներու համար նախատեսուած ծրագիր մը։ Պատանիները եւ երիտասարդները իրենց տարիքին համաձայն զանազան աշխատանոցներու մասնակցեցան, ի շարս որոնց՝ տեսողական եւ […]
Զարմանազան 2017
Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքը իր ամառնային «Զարմանազան» առաջին ճամբարը կազմակերպեց 2017 Յուլիս 17- էն Օգոստոս 11, Ֆրանսայի Պուրպուլ համայնքին մէջ: Դաստիարակչական այս ծրագիրը մաս կը կազմէ Հայկական համայնքներու բաժանմունքին կողմէ նախատեսուած՝ արեւմտահայերէնի զարգացման եւ տարածման յայտագրին: Ճամբարը կազմակերպուեցաւ համագործակցութեամբ Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու հիմնարկին (INALCO) եւ ղեկավարութեան ներքեւ «Հազար ու մէկ աշխարհներ» ընկերակցութեան, որ […]
Զարցանց 2.0, արեւմտահայերէնի կախարդական ուժը՝ առցանց
Արդեօք կարելի՞ է երեւակայել երեխաներու եւ երիտասարդներու ուղղուած լեզուական ծրագիր մը որ ըլլայ միմիայն առցանց եւ այսուհանդերձ հնարաւորութիւնը ընծայէ իսկապէս «սուզուելու» լեզուին մէջ։ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը այդ հարցումին դէմ յանդիման գտնուեցաւ երբ ստիպուած եղաւ 2020-ի Զարմանազանը ջնջելու, համաճարակին հետեւանքով։ Պահ մը վարանելէ ետք, պատասխանը եղաւ՝ «Այո՛, պէտք է փորձենք»։ Եւ այդ որոշումը իրականութիւն դարձնելու համար, […]
Արեւմտահայերէնի ամառնային դաստիարակչական աշխատանոց
Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքը համախմբեց տարբեր երկիրներէ երեսունութ հոգի, բոլորն ալ ծանօթ անձնաւորութիւններ իրենց մասնագիտութեան՝ դաստիարակչութեան եւ գեղարուեստական ստեղծարարութեան կալուածներուն մէջ: Հետապնդուած նպատակն էր միասնաբար ծաւալել արեւմտահայերէնի իւրացման ու վերաշխուժացման ուղղուած գործիքներ: Այս մէկը երկրորդ աշխատանոցն էր իր տեսակին մէջ (Առաջինը տենել այստեղ)։ Կազմուեցան խումբեր, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ներկայացուց առանձին զեկոյց մը իր գործունէութեան […]
Եւրոպայի ամէնօրեայ վարժարաններու միջեւ նորարար մօտեցումներու փոխանակման Ա. աշխատանոց
Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան արեւմտահայերէնի ծրագիրները գործադրող Եւրոպայի հայկական վարժարաններու ուսուցիչներուն միջեւ նորարար մօտեցումներու փոխանակում մը իրականացնելու նպատակով հաւաք-հանդիպում մը կազմակերպուեցաւ Աթէնքի մէջ, 2022ի Մայիս 24-էն 30։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Աթէնքի մօտ, Քոքինիա քաղաքի Զաւարեան ազգային վարժարանին մէջ, հիւրասիրութեամբ տնօրէնուհի Հայկան Մինասեանի եւ իր անձնակազմին։ Հանդիպումի մասնակիցներէն եւ Ֆրանսայի Ալֆորվիլ քաղաքի «Սուրբ Մեսրոպ-Արապեան» դպրոցի տնօրէնուհի Նորա […]