21րդ դարուն, Սփիւռքի մէջ արեւմտահայերէն դասաւանդելը կը նշանակէ զանազան մարտահրաւէրներ դիմագրաւել, թէ՛ տեսական, թէ՛ գործնական։ Հարցերը կը քննարկուին լեզուի իւրացման եւ ուսուցման մասնագէտներուն կողմէ, սակայն այս մարզէն ներս գործող գլխաւոր դերակատարները (ուսուցիչ, տնօրէն) իրենց ամէնօրեայ պարտականութիւններով տարուած, առանձնացած կը մնան ու յաճախ չեն օգտուիր ի յայտ բերուած նորարար մեթոտներէն։ Այս իրավիճակին պատճառներէն մէկն ալ յատկապէս հայերէն լեզուի իւրացման վերաբերող կիրառական հետազօտութիւններու պակասն է։ Սոյն գիտաժողովին նպատակն է մասնագէտներ համախմբել ու անոնց միջեւ երկխօսութիւն մը հրահրել, որպէսզի կարելի ըլլայ արեւմտահայերէնի դասաւանդման համար այժմէական նախագիծի մը առաջնահերթութիւնները ի յայտ բերել։
Գիտաժողովին մասնակցելու կոչը յայտարարուած էր Ինալքոյի եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան կողմէ եւ բաց էր բոլորին այս կայքէջէն։
Սոյն գիտաժողովը կազմակերպուած է Փարիզի Արեւելեան Լեզուներու եւ Քաղաքակրթութիւններու Ինստիտուտին (ԻՆԱԼՔՕ) եւ Գալուստ Կիւլպէկեան Հիմնարկութեան կողմէ, Անահիտ Տօնապետեանի եւ Անի Կարմիրեանի գլխաւորութեամբ: