Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքը իր ամառնային «Զարմանազան» առաջին ճամբարը կազմակերպեց 2017 Յուլիս 17- էն Օգոստոս 11, Ֆրանսայի Պուրպուլ համայնքին մէջ:
Դաստիարակչական այս ծրագիրը մաս կը կազմէ Հայկական համայնքներու բաժանմունքին կողմէ նախատեսուած՝ արեւմտահայերէնի զարգացման եւ տարածման յայտագրին: Ճամբարը կազմակերպուեցաւ համագործակցութեամբ Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու հիմնարկին (INALCO) եւ ղեկավարութեան ներքեւ «Հազար ու մէկ աշխարհներ» ընկերակցութեան, որ Ֆրանսայի Երիտասարդութեան եւ մարզանքի նախարարութեան կողմէ վաւերացուած կազմակերպութիւն մըն է:
«Զարմանազան»-ը կը բաղկանար զիրար լրացնող երկու հանգամանքներէ: Առաջինը՝ ամառնային այս ճամբարը 10-էն 15 տարեկան երախաներու համար՝ արեւմտահայերէնի մէջ «թաթխուել»-ու վայր մըն էր: Այս քսանհինգ օրերու ընթացքին ստեղծուեցաւ խաղերով՝ նորարար աշխարհ մը, ուր տղաքը կ՚ապրէին ու կը սորվէին բացառաբար ու շարունակաբար արեւմտահայերէնի գործածութեամբ: Եւ երկրորդ՝ «Զարմանազան»-ը կ՚առաջարկէր INALCO-ի կողմէ վաւերացուած համալսարանական վարժընթաց մը՝ արեւմտահայերէնի ուսուցիչներու կամ ապագայ ուսուցիչներու համար, որոնք եկեր էին համայն Սփիւռքէն:
Ճամբարին կը մասնակցէին 40 երախաներ, 20 ուղեկիցներ, որոնք նաեւ տղոց հետ զանազան գործունէութիւններ կը վարէին, ինչպէս նաեւ իրենց պատրաստութեան շրջանը բոլորող 15 ուսուցիչներ եւ ուսուցիչ պատրաստող 6 դասախօսներ, բոլորն ալ եկած՝ 10 տարբեր երկիրներէ:
Երախաներուն համար իւրաքանչիւր օրը հանդիսացաւ նոր արկածախնդրութիւն մը: Անոնք մասնակցեցան իրենց բառամթերքը եւ երեւակայութիւնը ընդարձակող աշխատանոցներու, սորվեցան եւ ստեղծագործեցին երաժշտութիւններ ու պարեր, հետազօտեցին բնութիւնը՝ նկարահանող գործիքի մը ոսպնեակէն, գծեցին անհատական գծագրութիւններ, որոնք քով-քովի դրուելով կազմեցին մեծ որմնանկարներ, պատրաստեցին կերակուրներ ու ծաղեր: Գործադրեցին նաեւ ձայնասփիւռի առօրեայ յայտագրեր եւ մասնակցեցան գրավարժութեան, թատրոնի եւ ֆիլմի նկարահանման աշխատանոցներու: Այս աշխատանոցներուն մէջ իրագործուող ծրագրերը, —որոնց բոլորն ալ կ՚ընթանային հայերէնով,— այնուհետեւ իրիկունը՝ հսկումներու ընթացքին կը ցուցադրուէին միւս բոլոր մասնակիցներուն: Այս միջավայրը, որ կ՚ընձեռէր գործունէութիւններու լայն շրջանակ մը եւ կը մնար կեդրոնացած՝ երախաներուն վրայ, նպաստեց բոլոր մասնակիցներու հայերէնի նկատմամբ յղացողական մօտեցումին: