Զարգացում մեր ուժերով` Հայկական դպրոցներու տնօրէններուն ուղղուած աշխատանոց
2018-ի Յունուար 11-13-ին, Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկայի հայկական ամէնօրեայ վարժարաններու 29 տնօրէններ առաջին անգամ ըլլալով մէկտեղուած էին «Զարգացում մեր ուժերով. կրթական ղեկավարութիւն եւ լեզուի իւրացում սփիւռքահայ դպրոցներուն մէջ» եռօրեայ աշխատանոցին մասնակցելու համար։ Աշխատանոցին նպատակն էր հաւաքաբար քննարկել, թէ իւրաքանչիւր տնօրէն ինչպէ՛ս կրնայ հայերէնի վերակենդանացման ուղղուած մանկավարժական նոր մեթոտներ առանձնացնել ու կիրարկել։ Աշխատանոցը քննարկեց հետեւեալ նիւթերը՝ […]
Զարդիս մատենաշարի «Մինչ մազերս կ՚երկննային» գիրքի ընթերցում ԱՐԻկարդանք ծրագիրի ծիրէն ներս
«ԱՐԻ» գրականութեան հիմնադրամին ԱՐԻկարդանք ընթերցանութեան խթանման ծրագրին այս անգամուան ընթերցումն է «Մինչ մազերս կ՚երկննային» գիրքը, որ մաս կը կազմէ Զարդիս մատենաշարին։ Փորթուկալերէն բնագիրէն արեւմտահայերէնի թարգմանուած գիրքը ընթերցողը կը տանի վարսայարդարի մը խանութը, ուր ան պիտի ծանօթանայ զանազան տիպարներու եւ յայտնաբերէ նոր զգացումներ։ Հանդիպումի ընթացքին գիրքը երեխաներուն հետ պիտի ընթերցէ Անի Թորանեանը, ինչպէս նաեւ պիտի քննարկուի […]
Դաստիարակչական նորարարութիւններ՝ 21րդ դարուն արեմտահայերէնի դասաւանդման մարտահրաւէրները
21րդ դարուն, Սփիւռքի մէջ արեւմտահայերէն դասաւանդելը կը նշանակէ զանազան մարտահրաւէրներ դիմագրաւել, թէ՛ տեսական, թէ՛ գործնական։ Հարցերը կը քննարկուին լեզուի իւրացման եւ ուսուցման մասնագէտներուն կողմէ, սակայն այս մարզէն ներս գործող գլխաւոր դերակատարները (ուսուցիչ, տնօրէն) իրենց ամէնօրեայ պարտականութիւններով տարուած, առանձնացած կը մնան ու յաճախ չեն օգտուիր ի յայտ բերուած նորարար մեթոտներէն։ Այս իրավիճակին պատճառներէն մէկն ալ յատկապէս […]
Հայերէնի մէջ ժամանակակից արհեստագիտութեան օգտագործումը
ԱՐՓԱ Հիմնարկի ասուլիս Հայերէնի կրթութեան մէջ ժամանակակից արհեստագիտութեան օգտագործումը խիստ անբաւարար է, յատկապէս Սփիւռքի մէջ։ Օրինակ՝ Սփիւռքի հայկական վարժարաններուն մէջ հայերէն ստեղնաշարի ուսուցման եւ օգտագործման բացակայութիւնը անհասկնալի է, մանաւանդ երբ թուային արագացումը կրթութեան մէջ եւ ամենուրեք կը ներկայանայ որպէս ամենօրեայ հրամայական՝ ամբողջ համացանցի վրայ հայերէն լեզուի գործածութիւնը, համեմատաբար միւս լեզուներուն, միայն 0,03% է։ Նորագոյն գործիքներու […]
Արեւմտահայերէնի ամառնային ուսուցչական աշխատանոց՝ յաջորդ քայլերը
«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու բաժանմունքը Յուլիս 9էն 17ը աշխատանոց մը կազմակերպեց, արեւմտահայերէնով աշխատող 41 ուսուցիչներու եւ ստեղծագործողներու մասնակցութեամբ, որոնք եկած էին ինը երկիրներէ միասնաբար լեզուի իւրացման գործիքներ զարգացնելու համար։ Խումբին մաս կը կազմէին դաստիարակներ, ուսումնականներ, գրողներ, երաժիշտներ, արուեստագէտներ, դերասաններ եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան մասնագէտներ։ Մասնակիցները բաժնուած էին եօթը խումբերու։ Իւրաքանչիւր խումբ աշխատեցաւ արեւմտահայերէնի վերանորոգման վերաբերող […]