Երգեր
Այստեղ հաւաքուած են Երդիքի բոլոր երգերը, որոնք կու գան թէ՛ Ակուլ Տուկուլէն եւ թէ՛ Ալնիս Բալնիսէն։
Անաւարտութիւն
Այս գրութիւնը կը վերաբերի արուեստի գործերու աւարտի եւ անաւարտի խնդիրներուն։ Գրիգոր Պըլտեանի 75 ամեակին նուիրուած այս շարքը կը ներկայացնէ գրողին անտիպ թէ տպուած երկերէն հատընտիր անջատ գործեր։ Նախաձեռնութիւնն է «Գրիգոր Պըլտեանի բարեկամներու շրջանակ»ին։
Արագիլին բոյնը
Հաւասարակշռութեան խաղ բոլորին համար…։ Մեծէն պզտիկ կամ պզտիկէն մեծ…։ Խաղալ գարնանամուտին…։ Գարունը Արագիլը…։ Արագիլին բոյնը Արագիլը բոյն շիներ է։ մարդ չի գիտեր ուր դրեր է…։ Աւելորդ կերպասներով պատրաստել արագիլին բոյնը…։ Երեխային մարմինը պիտի ըլլայ իր տունը, իսկ գլուխը՝ ծխնելոյզը… գլխուն վրան՝ արագիլին բոյնը…։ Երեխան, բոյնը գլխուն վրան, պէտք է քալէ ուշադիր, եւ արագիլին բոյնը տեղաւորէ […]
Աստղերուն տակ
Մէկիկ մէկիկ կը յայտնուին փայլուն աստղիկները ու մէկիկ մէկիկ կը փակուին աչուկները… Իսկ երբ աչուկները կը փակուին, փայլուն աստղիկներուն տակ բոլոր հանգոյցները կը քակուին…
աչխփուկ, պահուըտուք
գոց աչուկ, ես աչխփուկ… բաց աչուկ, դուն պահուըտուք… մէկ երկու, գո՛ց աչուկ, երեք չորս, աչխփո՛ւկ, հինգ վեց, բա՛ց աչուկ, եօթը ութը, պահուըտո՛ւք, ինը տասը, ծակ ու ծո՛ւկ… պըճինկօ՛ մուկը ծակին մէջը… կատուն պահարանին վրայ… շունը սեղանին տակը… նապաստակը գլխարկին մէջը… կապիկը ծառին վրայ… արջուկը վերմակին տակը… իսկ երեք խոզուկնե՞րը… վա՜յ, վա՜յ, վա՜յ… ցեխին մէջը…
այն ո՞վ է
այն ո՞վ է… հոտած պանիր շա՜տ կը սիրէ… երազին մէջ դեղին, ծակ ծակ պանի՛ր կը տեսնէ… այն ո՞վ է… ճերմակ մածուն շա՜տ կը սիրէ… երազին մէջ ճերմակ մածո՛ւն կը տեսնէ… այն ո՞վ է… քըթըր ոսկոր շա՜տ կը սիրէ… երազին մէջ քըթըր ոսկո՛ր կը տեսնէ… այն ո՞վ է… նարնջագոյն ստեպղին շա՜տ կը սիրէ… երազին մէջ կանանչ […]
աստղ եւ լուսին
աստղ աստղիկ, փայլո՛ւն աստղիկ, փա՛ս փայլուն աստղիկ… փա՛ս փայլուն աստղիկ եւ լուսին մի՛շտ միասին… լուսի՛ն, լուսի՛ն, լուսի՛ն ե՜ւ… չի՛կ, չկա՛յ լուսին… փա՛ս փայլուն աստղիկ առանձին…
արեւ անձրեւ
արե՛ւ արե՛ւ, դեղի՛ն արեւ… դեղի՛ն արեւ, ոսկի՛ բարեւ… անձրե՛ւ անձրե՛ւ, ամպ ու անձրեւ… ամպ ու անձրեւ, թա՛փ թաց բարեւ՝ հա՜, հաաֵ՜, հաաա՜, հապչի՜…
Անտիտղոս հերոսներ
Անտիտղոս հերոսներ՝ անժամանակ, որոնց կը հանդիպինք մի՛շտ, այստեղ կամ այնտեղ՝ ամենուրէք, ո՛ւր որ ենք…