Աճիլ-մեծնալ
Արաս
«Արաս» հրատարակչութիւնը հիմնուած է 1993-ին Պոլսոյ մէջ եւ այդ օրէն ի վեր ճանչցուած է որպէս «Պատուհան՝ դէպի հայալեզու գրականութիւն»: Երեք տասնամեակներու վրայ երկարող իր գործունէութեամբ, «Արաս» հրատարակչութիւնը հանդիսացած է կամուրջ մը տարածաշրջանի տարբեր մշակոյթներուն միջեւ։ Զանազան լեզուներով գիրքեր ունեցող «Արաս» հրատարակչատունէն 200-էն աւելի գիրքեր լոյս տեսած են, որոնցմէ 70-էն աւելին հայալեզու են։ Աշխարհի ամենէն կարեւոր […]
Աղուոր բաներ
«Աղուոր բաներ» ծրագիրը իր կայքէջին եւ հասարակական ցանցերու էջերուն միջոցաւ օրական դրութեամբ կը տարածէ բառ մը, խօսք մը, երկտող մը, նկար մը, ձեւաւորում մը, ձայն մը կամ տեսերիզ մը։ Նպատակն է համացանցի վրայ ժամանակ անցընող հետեւողներուն ներկայացնել մատչելի եւ գեղեցիկ արեւմտահայերէնի ներկայութիւն մը։ Նիւթերը ընդհանրապէս ներշնչուած են առօրեայ խօսքերէ, քիչ գործածուող բառերէ, արեւմտահայ եւ սփիւռքահայ […]
Աստղիկը կ՚ուզէ արագ մեծնալ
Աստղիկը դպրոցական մըն է։ Ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ, որ իր ընկերուհիները իրմէ աւելի մեծ կ՚երեւին։ Ինք եւս պէտք է մեծնայ շուտով։ «Աստղիկը կ՚ուզէ արագ մեծնալ» գիրքը ընթերցողին կը հրամցնէ պատանի դպրոցականի մը առօրեայ արկածախնդրութիւնները եւ իր գտած հնարամիտ լուծումները։ Գիրքը արժանացած է 2021-ի Համազգայինի «Մինաս եւ Գոհար Թէօլէօլեան» Ժամանակակից Գրականութեան Մրցանակին։
Այն օրը, երբ…
Ծովինարը որոշած է «Ճամբորդող-պատմող» ըլլալ, թէեւ տակաւին մարդ չի գիտեր թէ ի՛նչ է այս գործը։ Յստակ է որ սափրիչ պիտի չըլլայ ան, որովհետեւ իր ընկերուհիին՝ Լորիին մազերը կտրեց, եւ արդիւնքը սպասուածը չէր…։ Կրնայ հեծիկի ուսուցչուհի ըլլալ. Փաթիլին՝ իր պզտիկ քոյրիկին ի՛նքը հեծիկ քշել սորվեցուց։ Իսկ Փաթիլը միշտ «գիւտեր» կ՚ընէ, կ՚ուզէ իր արջուկին ծովուն մէջ լողալ […]
Արդի տառատեսակ
«Արդի» մանկական ձեռագիր տառատեսակ մըն է, զոր կարելի է գործածել ամէն տեսակ ժամանակակից միջոցներով, թէ՛ պաստառներու վրայ եւ թէ՛ տպագրական աշխատանքներու ժամանակ։ «Արդի» պատրաստուած է ի մտի ունենալով դպրոցական ծրագիրներու մէջ գործածուած սկզբունքները, եւ այդպիսով շարունակականութիւն մը կը ստեղծէ դպրոցական գիրքերուն, հրատարակութիւններուն եւ զանազան կիրարկամիջոցներու պատրաստութեան հետ։ «Արդի» հրապարակուած է Համազգայինի մանկապատանեկան ծրագիրներու խմբակին կողմէ։
Արեւմտահայերէնի քերականութիւն – Բ.
Յակոբ Չոլաքեանի աշխատութիւնը շարունակութիւնն է հեղինակի Արեւմտահայերէնի քերականութիւն (կանոնակարգ եւ խնդիրներ) Ա. գիրքին ու կը ներկայացնէ արեւմտահայերէնի բայ, մակբայ, կապ, շաղկապ, վերաբերական եւ ձայնարկութիւն խօսքի մասերուն ձեւաբանութիւնն ու շարահիւսական իւրայատկութիւնները, լայնօրէն կը քննէ կանոնակարգման հարցերը՝ անդրադառնալով գոյութիւն ունեցող տարաբնոյթ տարբերակներուն ու բազմաձեւութիւններուն, որոնցմէ ոմանք կու գան արեւմտահայերէնի ակունքներէն, իսկ ուրիշներ թափանցած են խօսակցական լեզուէն: Նախատեսուած […]
Արեւմտահայերէնի քերականութիւն – Ա.
Յակոբ Չոլաքեանի աշխատութիւնը կը ներկայացնէ արեւմտահայերէնի գոյական, ածական, թուական եւ դերանուն խօսքի մասերուն ձեւաբանութիւնն ու շարահիւսական իւրայատկութիւնները: Լայնօրէն կը քննէ կանոնակարգման հարցերը՝ անդրադառնալով գոյութիւն ունեցող տարաբնոյթ տարբերակներուն ու բազմաձեւութիւններուն, որոնցմէ ոմանք կու գան արեւմտահայերէնի ակունքներէն, իսկ ուրիշներ թափանցած են խօսակցական լեզուէն: Նախատեսուած է լեզուաբաններուն եւ հայերէնի տարրական քերականութեան ծանօթ բոլոր հետաքրքրուողներուն համար:
Արեւմտահայերէնի ուղեցոյց
Արեւմտահայերէնի Ուղեցոյցը օրէնքներու եւ կանոններու հսկայական շտեմարան մը կը հրամցնէ բոլոր անոնց որ արեւմտահայերէն գրելով կը զբաղին։ Հեղինակը՝ Արմենակ Եղիայեան, իր մանրակրկիտ ուսումնասիրութեան յառաջաբանին մէջ կ՚ըսէ՝ «Այս աշխատութիւնը յառաջ տարուած է հիմնուելով հին թէ նոր հայերէնի բոլոր արտայայտութիւններուն՝ յատկապէս արեւմտահայ վերջին 150 տարուան գրական երկերու, մամուլի, դասագիրքերու, դպրոցական հանդէսներու, այլեւ շարադրութիւններու, անհատական բնոյթի գրութիւններու, ցուցանակներու, […]
Ահա, այսպէ՛ս…
Անուշին եւ իր ընկերներուն արկածախնդրութիւնները՝ 6 պատկերազարդ պատմութիւններով։