Խնձորի բերքահաւաք
Բերքահաւաք գիրքը պատմութիւն մըն է երկու քոյրերու մասին, որոնք խանդավառութեամբ կը պատրաստուին տօնելու իրենց շատ սիրելի ուսուցիչին տարեդարձը։ Երկու քոյրերը իրենց այգիին առաջին բերքի առատութենէն ներշնչուած, խնձորի անուշ եւ խնձորով կարկանդակ կը պատրաստեն՝ սկիզբ դնելով նոր աւանդութեան մը, որուն նպատակն է զօրացնել եւ զարգացնել իրենց տան եւ դպրոցի մեծ ընտանիքին կապերն ու յարաբերութիւնները։
խնձորը
մէկ երկու, կը մեծնամ, երեք չորս, կը կարդամ… խնձո՛ր, խնձո՛ր, կարմի՛ր խնձոր… տերե՛ւ, տերե՛ւ, կանա՛նչ տերեւ… կարմիր խնձոր, կանանչ տերեւ ե՜ւ ծի՛կ, բարե՛ւ… բարե՛ւ տամ, խնձո՛ր տամ, ընկե՛ր ըլլամ… ընկե՛ր ընկե՛ր, աղուո՛ր ընկեր, խնձոր տամ, կե՛ր ընկեր…
խնձոր, սխտոր
սոխ ու սխտո՞ր… ո՜չ, ո՜չ, տա՛նձ ու խնձոր… տանձ ու խնձո՞ր… ո՜չ, ո՜չ, սո՛խ ու սխտոր… մէկ հատ տանձ, մէկ հատ խնձոր, մէկ հատ տանձ, մէկ հատ խնձոր, մէկ հատ տանձ, մէկ հատ խնձոր, երեք հատ տանձ, երեք հատ խնձոր… մէկ հատ սոխ, մէկ հատ սխտոր, մէկ հատ սոխ, մէկ հատ սխտոր, մէկ հատ սոխ, […]
Խոնարհները
Խոնարհները վերնագիրով եւ հինգ պատմուածքներէ բաղկացող ժողովածու մը հրատարակուած է 1920-ին, Պոլսոյ մէջ, իսկ լման հրատարակութիւնը առաջին անգամ լոյս տեսած է 1958-ին Պէյրութի մէջ։ Խոնարհները ընթերցողին կը ներկայացնէ գիւղի կեանքը, զանազան «խոնարհ» մարդոց կեանքերու ընդմէջէն։ Գիրքի վերջաւորութեան կայ նաեւ Յակոբ Օշականի հակիրճ կենսագրութիւնը։
Խաչ խուչ
Կիրակի օր մը՝ մայրամուտին, պզտիկ խեչափառը կապոյտ ծովուն եզերքը, քալե՜ց, քալե՜ց առանձին… Ինչո՞ւ առանձին, ընկեր չունի՞… Երկուշաբթի օր՝ մայրամուտին, երկու խեչափառները կապոյտ ծովուն եզերքը, ուրախ զուարթ քալեցին երկու ընկեր միասին… Ինչո՞ւ երկու… Հապա քանի՞… Թող ըլլայ երեք… Երեքշաբթի օր՝ մայրամուտին, երեք խեչափառները կապոյտ ծովուն եզերքը, ուրախ զուարթ քալեցին երեք ընկեր միասին… Ինչո՞ւ երեք… Հապա քանի՞… […]
Խխունջիկը
Տրտում տխուր խխունջիկ կը սողայ լռիկ մնջիկ… Կաթիլ կաթիլ անձրեւին տակ, կը սողայ կամաց կամաց… Տրտում տխուր խխունջիկ չունի կօշիկ եւ տոտիկ, կաթիլ կաթիլ անձրեւին տակ, ինչպէ՞ս վազէ արագ արագ…
Խնոցի
Խմբային խաղերու շարք Խնոցի Ամենէն փոքրիկներուն՝ գիրկի երեխաներուն…։ Գիրկը նստած երեխան ետեւ առջեւ օրօրել ու երգել…։ Հարի, հարի, խնոցի, նայ նայ, նայ նայ, խնոցի…։ Մէջդ բարի խնոցի, նայ նայ, նայ նայ, խնոցի…։ Հարի, հարի, խնոցի, նայ նայ, նայ նայ, խնոցի…։ Մէջդ կարագ խնոցի, նայ նայ, նայ նայ, խնոցի…։ Հարեցի, հա հարեցի, դեղին կարագը հանեցի…։ Եւ […]
Խաղ ու մաղ
Խաղ ու մաղ ծրագիրը 27 խաղերէ բաղկացած շարք մըն է, ուր խաղերը ներկայացուած են 1-6 վայրկեան տեւողութեամբ տեսերիզներու միջոցաւ։ Շարքը ներշնչուած եւ քաղուած է աւանդական խաղերէ, հաւաքող եւ պատրաստողն է Անահիտ Սարգիսեան։ Շարքին խաղերը կը խաղցուին զոյգերով կամ խումբերով։ Խմբային խաղերու պարագային, նախընտրելի է խաղալ բացօթեայ տարածքի վրայ, կամ սրահներու մէջ։ Խաղ ու մաղ շարքը […]