Հաւկիթ գնելու ճամբուս վրայ
Հաւկիթ գնելու ճամբուս վրայ վիպակի ընթերցողը կը հանդիպի պզտիկ աղջիկի մը, որ զինք կը տանի քաղաքի մը նեղլիկ փողոցները։ Միասին կը ծանօթանան շուքերու եւ գոյներու աշխարհի մը, ուր զարմանալի բաներ կը պատահին։ Գիրքէն լաւագոյնս օգտուելու համար պատրաստուած են յատուկ ստեղծարար գրագիտութեան նիւթեր եւ ուսուցիչի ուղեցոյց մը, որոնց կարելի է հասնիլ «վարժութիւններ» յղումին հետեւելով։
Հրեշտակը
Բարի հրեշտակ եղիր պահապան, հսկէ վրաս երբ քնանամ, երազներու աշխարհը երթամ ու գամ, ուրախ զուարթ արթննամ… Անո՜ւշ քուն, ոսկի՛ երազ…
Հտպիտը
Կէս կատակ, կէս շիտակ, հտպիտ մըն եմ խեղկատակ… Կարմիր քիթ, ծակ գլխարկ, մէջէն ելաւ նապաստակ… Ծակ գլխարկէն՝ նապաստակ… Կէս կատակ, կէս շիտակ, հտպիտ մըն եմ խեղկատակ… Կարմիր քիթ, ծակ գլխարկ, մէջէն ելաւ կարկանդակ… Ծակ գլխարկէն՝ նապաստակ, կարկանդակ… Կէս կատակ, կէս շիտակ, հտպիտ մըն եմ խեղկատակ… Կարմիր քիթ, ծակ գլխարկ, մէջէն ելաւ չորս ջութակ… Ծակ գլխարկէն՝ […]
Հովիւները
Լեռ ձոր, լեռ ձոր… Նորէ՛ն լեռ, նորէ՛ն ձոր… Քանի՞ լեռ, քանի՞ ձոր… Եօ΄թը լեռ, եօ΄թը ձոր… Լեռը, ձորը, հովիւը… Հովիւը եւ մահակը… Հովիւը, մահակը… Մահակը եւ ոչխարը… Հովիւը, մահակը, ոչխարը… Ոչխարը եւ գառնուկը… Հովիւը, մահակը, ոչխարը, գառնուկը… Գառնուկը եւ այծուկը… Հովիւը, մահակը, ոչխարը, գառնուկը, այծուկը… Այծուկը եւ ուլիկը… Հովիւը, մահակը, ոչխարը, գառնուկը, այծուկը, ուլիկը… Ուլիկը […]
Հիւրը
Տըմփիկ, տըմփիկ, այն ո՞վ է… Վարդուշը մեր դուռը կը թակէ… Տըմփիկ, տըմփիկ, այն ո՞վ է… Վարդուշը այսօր մեր հիւրն է… Հրամմէ, հրամմէ, սուրճ, թէյ, թէ օշարակ… Հրամմէ, հրամմէ, կարկանդակ, թէ պաղպաղակ… Սուրճ, թէյ եւ օշարակ… կարկանդակ եւ պաղպաղակ… Տըմփիկ, տըմփիկ, այն ո՞վ է… Հայկուշը մեր դուռը կը թակէ… Տըմփիկ, տըմփիկ, այն ո՞վ է… Հայկուշը այսօր […]
Հաւնոցի խաղ
Այն ո՞վ է… Երազին մէջ կուտ կը տեսնէ, կո՛ւտ կ’ուտէ, հաւկի՛թ կ’ածէ… Կը՛տ կը՛տ կըտակ, հաւկիթ մը տաք տաք, երկու հաւկիթ տաք տաք, երեք հաւկիթ տաք տաք, չորս հաւկիթ տաք տաք, հինգ հաւկիթ տաք տաք, վեց հաւկիթ տաք տաք, եօթը հաւկիթ տաք տաք, ութ հաւկիթ տաք տաք, ինը հաւկիթ տաք տաք, տասը հաւկիթ տաք տաք՝ […]
Հայելին
Պատէն կախուած հայելի, մէկը մէջէն կը նայի… Ինծի կը նայի կը ժպտի, արդեօք ինչո՞ւ կը ժպտի… Ինծի կը նայի կը ժպտի, ես ալ իրեն կը ժպտիմ՝ հի հի հի, հի հի հի… Պատէն կախուած հայելի, մէկը մէջէն կը նայի… Ինծի կը նայի կը խնդայ, արդեօք ինչո՞ւ կը խնդայ… Ինծի կը նայի կը խնդայ, ես ալ […]
Հազարը
Հազար մը կար, կանանչ հազար… Հազար տերեւով կանանչ հազար… Հազար տերեւով կանանչ հազարը կը հազար… Հազար տերեւով կանանչ հազարը բերանը բաց կը հազար… Բերա՛նդ գոցէ, ճա՛նճ կը մտնէ…
Հոկտեմբեր
Հաւ աքլոր հաւկիթ – Տարբերակ Բ
Խմբային խաղ՝ երեքէն եօթը տարեկաններու համար…։ Խաղալ գարնան՝ Մեծ Զատիկէն առաջ…։ Հաւնոցը չկայ աղուէսը։ Հա՛ւ աքլո՛ր Ճուտի՛կ…։ Հաւ աքլոր, հաւ աքլոր, աղուէս…։ Խաղին մէջ փորձել միշտ նորութիւններ աւելցնել… Երբ հաւկիթ դարձած են…՝ Չըրըխըկը՛…։ Ձուածեղ՝ Իւղով միւղով տապկեցի Փորիկին վրայ տապկեցի Կռնակին վրայ տապկեցի Խառնեցի Անօթիին կերցուցի։ պատրաստել համով ձուածեղը՝ իւղով կամ առանց իւղի…։ Երբ խաղը […]