Ճոր ճոր
Մեծ մայրիկը ճօճաթոռին վրայ նստած է․ գիրկի թոռնիկը շուտով մշիկ մշիկ պիտի քնանայ, մինչ պատէն կախուած լուսանկարները, հեռո՜ւ մօտիկ անցեալէն, գոհունակ կը դիտեն գեղեցիկ ներկան։
Ճիճոզը
Աչխփուկ, պահուըտուք, փսփսուք, փնտռտուք եւ հանելուկ… Հինգ հանելուկները գուշակելով, կամա՜ց կամաց թաքստոցէն կը յայտնուի պահուըտուք խաղացող Ճիճո՛զը։ Իսկ երբ հարցնեն, թէ ինչո՞ւ խոշոր աչքեր, ականջներ եւ ձեռքեր ունի, Ճիճոզը բոլորի՜ն՝ ամբո՛ղջ աշխարհին աղուոր պատասխան մը ունի։
Ճանճին պատմութիւնը
Ճանճին պատմութիւնը գիտե՞ս… Ո՛չ… Ոչ ըսելէն բան մը չ’ելլեր, ճանճին պատմութիւնը գիտե՞ս… Ըսի ո՛չ… Ըսի ոչ ըսելէն բան մը չ’ելլեր, ճանճին պատմութիւնը գիտե՞ս… Մուկի պո՛չ… Մուկի պոչ ըսելէն բան մը չ’ելլեր, ճանճին պատմութիւնը գիտե՞ս… Փը՛շտ փը՛շտ…
Ճիմ ճիկ
Ճկոյթը ըսաւ՝ ճի՛կ… Մատնեմատը ըսաւ՝ ճանիկ… Միջնեմատը ըսաւ՝ ճստիկ… Ցուցամատը ըսաւ՝ ճուտիկ… Բթամատը ըսաւ՝ ճի՛մ ճիկ…
Ճնճղուկը
Ճնճղուկը ճստիկ էր, սակայն ձայնը ամբողջ աշխարհը կը լսէր… Ճի՛ւ, ճի՛ւ, ճիւ ու ճիւ… Ճստիկ ճնճղուկը մի՛շտ կ’երգէր, սակայն երգել չէր գիտեր… Ճի՛ւ, ճի՛ւ, ճիւ ու ճիւ… Ճստիկ ճնճղուկը սխալ կ’երգէր, բոլորին գլուխը կ’արդուկէր… Ճի՛ւ, ճի՛ւ, ճիւ ու ճիւ… Ճստիկ ճնճղուկը սխալ մխալ մի՛շտ երգեց, օր մըն ալ յանկա՛րծ՝ գեղգեղե՜ց… Ծի՛ւ, ծի՛ւ ծիւ ու ծիւ… […]
Ճոր ճոր
Փաթիլ փաթիլ ձիւն կը տեղայ, մեծ մայրիկին աթոռը կ’երթայ ու կու գայ… Ճոր ճոր մամա, ճոր ճոր ճոր մամա, մեծ մայրիկին գիրկը թոռնիկ մը կայ… Փաթիլ փաթիլ ձիւն կը տեղայ, մեծ մայրիկին աթոռը կ’երթայ ու կու գայ… Ճոր ճոր մամա, ճոր ճոր ճոր մամա, մեծ մայրիկին թոռնիկը կը քնանայ… Փաթիլ փաթիլ ձիւն կը տեղայ, մեծ […]