Նամակներ Զաաթարէն
Նուարդիկին կոճակը
Երբ մկնիկը գայ Նուարդիկին ակռան առնելու, Նուարդիկը ի՞նչ պիտի ուզէ փոխարէնը։ Կոճակ մը բաւարա՞ր է։
Ննջասենեակը
Սենեակ, սենեակ՝ հիւրասենեակ… Սենեակ, սենեակ՝ ճաշասենեակ… Սենեակ, սենեակ՝ ննջասենեակ, շշշշշշշ… Մահճակալը, անկողինը, սաւանը, փետուրէ բարձը ե՜ւ… մեծ հայրիկը աչքերը գոց, վերմակին տակը… – Խռըմ փը՜շ, խռըմ փը՜շ… Սենեակ, սենեակ՝ հիւրասենեակ… Սենեակ, սենեակ՝ ճաշասենեակ… Սենեակ, սենեակ՝ ննջասենեակ, շշշշշշշ… Մահճակալը, անկողինը, սաւանը, փետուրէ բարձը ե՜ւ… մեծ մայրիկը աչքերը բաց, վերմակին տակը… – Կը բաւէ խռկաս, Մարտիրոս… Մեծ հայրիկը՝ – […]
Հերմինէ Նիւրբեթլեան
Նինինուն, Ճիճոզը եւ ընկերները
Զարմանալի անուններով կերպարներ են, այս կարճ տեսերիզներուն հերոսները, որոնք երգով ու կատակով կը պատմեն պարզ դրուագներ առօրեայ կեանքէն, սակայն յաճախ փիլիսոփայական մօտեցումով։ Զարմանալի անուններով այս հերոսները, կը պատմեն ոչ միայն փոքրիկին, այլ մեծով, պզտիկով, ամբո՛ղջ ընտանիքին… ու ժպիտ մը գաղտուկ կը գծագրուի դիտողին դէմքին վրայ…
Նոր օրը
Վերը վարը, աջը ձախը… Երկինքը, երկիրը, ընտանիքը ընկերները, մեր աշխարհը հրեշտակին թեւին տակը… Թող սկսի մեր նոր օրը…
Նոյեմբեր
Նիւթերու եւ մարմիններու երեք վիճակները
Նայիրի կայքէջէն նշումներ՝ ձայներ
Նայիրի կայքէջին տրամադրած բազմաթիւ գանձերէն այստեղ ներկայացուած են զանազան առարկաներու եւ կենդանիներու ձայներու աղբիւրներ։ «Հայոց լեզուի նոր բառարան»-ը կու տայ շուրջ 200 ձայներ։ Նման բաժին մը ունի «Բառարան գանձարան հայերէն լեզուի»-ն, ուր հարիւրաւոր ձայներ ցանկագրուած են։
Նայիրի կայքէջէն նշումներ՝ անուններ
Նայիրի կայքէջին տրամադրած բազմաթիւ գանձերէն այստեղ ներկայացուած են շարք մը անձնանուններու աղբիւրներ։ Հայկական արական եւ իգական անուններու համար կարելի է այցելել «Հայոց լեզուի նոր բառարան»-ի անձնանուններու բաժինները՝ Հայկական արական անուններու բառարան Հայկական իգական անուններու բառարան Օտար անուններու հայերէն տարբերակներուն համար կարելի է այցելել «Բառարան Անգղիերէն եւ Հայերէն»-ի անձնանուններու բաժինը՝ Արական անուններ Իգական անուններ