Անջրպետի մը գրաւումը
«Անջրպետի մը գրաւումը» բանաստեղծութիւններու ժողովածուն առաջին անգամ հրատարակուած է 1928-ին, Փարիզի։ Սարաֆեանի բանաստեղծութիւնները ընթերցողին կը ներկայացնեն սփիւռք դառնալու փորձառութիւնը։ Գիրքին մէջ տեղ գտած են «Սփիւռք մատենաշար»-ը ներկայացնող Մարկ Նշանեանի ընդհանուր նախաբանը եւ գիրքի խմբագիր Արթուր Անդրանիկեանի յատուկ յառաջաբանը։ Վերջաւորութեան կայ նաեւ Նիկողոս Սարաֆեանի հակիրճ կենսագրութիւնը։
Արեւ եւ անձրեւ
Թութուպան եւ Խուճկուլուլուն, այսինքն՝ թիթեռնիկը եւ խխունջիկը, վաղեմի ընկերներ են, սակայն խնդիր մը ունին․ մէկը արե՛ւ կ՚ուզէ, միւսը անձրե՛ւ։ Անձրեւին՝ մէկը տխուր, միւսը ուրախ, արեւին՝ մէկը ուրախ, միւսը տխուր… Երկու ընկեր ի՞նչ ու ինչպէ՞ս ընեն, որ միաժամանակ ուրա՛խ ըլլան…
Աստղագնաց ճամբորդին ուղեցոյցը
Արթիւր Տէնթի համար սովորական Հինգշաբթի առաւօտ մըն է, մինչեւ այն ատեն՝ երբ տունը կը սկսի քանդուիլ։ Շատ չանցած՝ Երկրագունդն ալ կ՚ենթարկուի նոյն ճակատագրին, գերանջրպետային ճեպընթաց նոր երթուղիի մը տեղ բանալու համար, իսկ Արթիւրի լաւագոյն բարեկամը կը յայտարարէ որ ինք արտմոլորակային մըն է։ Սա պահուս անոնք սանձարձակ կը սուրան անջրպետին մէկ կողմէն միւսը, հետերնին առած միայն […]
Արեւ լուսին աստղ
Աղջիկ, աղջիկ, ոսկի՛ աղջիկ… Մազերդ սանտրեմ, ծամերդ հիւսեմ… Ծամերդ հիւսեմ, աստղերուն կապեմ… Աստղերը քեզ օրօրե՜ն, յուշիկ յուշիկ քեզ օրօրե՜ն… Արեւ լուսին աստղ… Արեւ լուսին աստղ… Աղջիկ, աղջիկ, ոսկի՛ աղջիկ… Մազերդ սանտրեմ, ծամերդ հիւսեմ… Ծամերդ հիւսեմ, աստղերուն կապեմ… Աստղերը օրօ՜ր երգեն, յուշիկ յուշիկ օրօ՜ր երգեն… Արեւ լուսին աստղ… Արեւ լուսին աստղ… Աղջիկ, աղջիկ, ոսկի՛ աղջիկ… Ցերեկը […]
Աչքդ գոցէ բաց
Աչքդ գոցէ, աչքդ բաց, այս օրը անցաւ գնաց… Աչքդ գոցէ, աչքդ բաց, այս շաբաթը անցաւ գնաց… Աչքդ գոցէ, աչքդ բաց, այս ամիսը անցաւ գնաց… Աչքդ գոցէ, աչքդ բաց, այս տարին անցաւ գնաց… Այս տարին անցաւ, իսկ մեր տղան մեծցաւ… Մեր տղան մեծցաւ, իսկ տաբատը կարճցաւ… Տաբատը կարճցաւ, իսկ շապիկը նեղցաւ… Շապիկը նեղցաւ, իսկ կոճակը փրթաւ, […]
Անտրամաբանական
Պարտէզին մէջ ծառ մը կայ, ծառին վրայ ճիւղ մը կայ… Ճիւղին վրայ բոյն մը կայ, բոյնին մէջն ալ ձո՛ւկ մը կայ… Անտրամաբանական… Պարտէզին մէջ ծառ մը կայ, ծառին վրայ ճիւղ մը կայ… Ճիւղին վրայ բոյն մը կայ, բոյնին մէջն ալ մո՛ւկ մը կայ… Անտրամաբանական… Ձուկը մուկը մէկ տապակ, մուկը ձուկը մէկ պնակ… Ձուկը ուտեմ, մուկը […]
Բոյնը
Արագիլը բոյն շիներ է, մարդ չի գիտեր ո՛ւր դրեր է… Արագիլը բոյն շիներ է, մարդ չի գիտեր ո՛ւր դրեր է… Իսկ մայրիկը մտահոգ է… Ինչո՞ւ տունը ծուխ լեցուեր է… Ծխնելոյզը արդեօք փա՞կ է… Արագիլը բոյն շիներ է, մարդ չի գիտեր ո՛ւր դրեր է… Արագիլը բոյն շիներ է, մարդ չի գիտեր ո՛ւր դրեր է… Հայրիկն ալ […]
Ագռաւին պանիրը
Ագռաւ է, ագռաւ է, սեւ է, կաղ է, բաղաձայն է՝ ղա ղա… Սեւ է, կաղ է, բաղաձայն է՝ ղա ղա… Սեւ ագռաւը պանիր գտաւ, ծառին ճիղին թառեցաւ… Խորամանկ աղուէսը մօտեցաւ, ագռաւին նայեցաւ ու ըսաւ… – Ագռաւիկ, ագռաւիկ, անուշիկ, անուշիկ, երգ մը կ’երգե՞ս, սիրունիկ… Սեւ ագռաւը ուրախացաւ, կտուցը բացաւ՝ ղա, ղա, ղա՜… Ե՜ւ… Կտուցէն ինկաւ պանիրը, […]
Աղուէսը
Այն ո՞վ է… Պոչը ծաղիկ է, միտքը ծուռ… Աղուէսը եկաւ մո՜ւթ անտառէն, Օ՜, պըճինկօ… Հաւ մը գողցաւ մեր հաւնոցէն, Օ՜, պըճինկօ… Աղուէսը եկաւ մո՜ւթ անտառէն, Օ՜, պըճինկօ… Հաւ մը գողցաւ ձե՛ր հաւնոցէն, Օ՜, պըճինկօ… Գո՛ղ աղուէսիկ, պոչիկը ծաղիկ… Պոչը ծաղիկ է, միտքը ծուռ…
Ամանոր
Կաթսային մէջ ի՞նչ կ’եփի, չամիչով փիլաւ կ’եփի, Ամանոր է՝ Նոր Տարի, գալը թող ըլլայ բարի… Մեծ հայրիկը պեխ ունի, պեխին տակէն կը ժպտի, Ամանոր է՝ Նոր Տարի, գալը թող ըլլայ բարի… Նոր հեքիաթ մը կը սկսի, կծիկը թող գլորի, Ամանոր է՝ Նոր Տարի, գալը թող ըլլայ բարի… Թոռնիկները աշխարհի թող մեծնան առանց ցաւի, Ամանոր է՝ […]