մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Բագին

Բագին 1963 թուականէն ի վեր լոյս տեսնող գրական պարբերաթերթ մըն է։ Ներկայիս՝ հանդէսին խմբագիրն է Սոնիա Քիլէճեան-Աճէմեան։ Տարեկան 3-4 թիւ հրատարակուելով, Բագին ունի հսկայական արխիւ։ 2008-էն ի վեր թիւերը կարելի է գտնել Բագինի կայքէջին, իսկ աւելի հին արխիւը ամբողջութեամբ տրամադրելի է Հայաստանի Ազգային Գրադարանի մամլոյ բաժինէն։ Համազգայինի կողմէ հրատարակուող Բագինը տասնամեակներէ ի վեր կը շարունակէ […]

Բոպիկ տոտիկ

Այս հաստակազմ գրքոյկը կը հետեւի բոպիկ տոտիկներով մանուկին։ Առտուան բարի լոյսէն մինչեւ իրիկուան բարի գիշերը։ Բոպիկ տոտիկ կարելի է նաեւ ունկնդրել հեղինակին ընթերցանութեամբ, իր YouTube-ի էջին վրայ՝ Նախատեսուած է 0-3 տարեկաններու համար։

Բառաստան

«Բառաստան»ը առցանց բառարան եւ բառացուցակ մըն է, որ կը պարունակէ հայերէն 35 հազար եւ ֆրանսերէն շուրջ 25 հազար բառ: Բառաստանը կարելի է գործածել գլխաւոր երկու ձեւով, թէ՛ որպէս բառարան, կատարելով որոնումներ եւ թէ՛ որպէս բառացուցակ, հետեւելով 32 բնաբանական գլուխներէ բաղկացած ցուցակին։ Բառացուցակին 32 գլուխները բաժնուած են ութը մասերու՝ «Առօրեայ կեանք», «Մարմին եւ ժամանց», «Բնութիւն եւ […]

Բարի եկար Նուրին

Երգերու, խաղերու, պատմուածքներու, բառախաղերու եւ երկխօսութիւններու միջոցաւ, Նուրին կը հրամցնէ աշխարհ մը, ուր կը տողանցեն տարուան եղանակները, բնութիւնը իր երեւոյթներով, մանուկներու աշխարհին յատկանշական երեւոյթները՝ ծաղկոց, ծափիկ, բարեկենդան, կաղանդ, ճօճանակ, դիմակ, ծաղիկ եւ դեռ ինչե՜ր-ինչե՜ր…։ Երաժշտութեան մանկավարժ Յասմիկ Ինճէճիկեանի կողմէ պատրաստուած «Բարի եկար Նուրին» ծրագիրը կը հիմնուի այն սկզբունքին վրայ, որ բոլոր երեխաներն ալ երաժշտական կարողութիւն […]

Բարի լոյս Պուրպատիկ

Երգերու, խաղերու, պատմուածքներու, բառախաղերու եւ երկխօսութիւններու միջոցաւ, Պուրպատիկ կը հրամցնէ աշխարհ մը, ուր կը տողանցեն տարուան եղանակները, բնութիւնը իր երեւոյթներով, մանուկներու աշխարհին յատկանշական երեւոյթները՝ ծաղկոց, ծափիկ, բարեկենդան, կաղանդ, մարզանք, պուպրիկ, շոգեկառք եւ դեռ ինչե՜ր-ինչե՜ր…։ Երաժշտութեան մանկավարժ Յասմիկ Ինճէճիկեանի կողմէ պատրաստուած «Բարի լոյս Պուրպատիկ» ծրագիրը կը հիմնուի այն սկզբունքին վրայ որ բոլոր երեխաներն ալ երաժշտական կարողութիւն […]

Բառիկ

Բառիկը համակարգչային առցանց խաղ մըն է, որ ամէն օր խաղացողներուն կը հրամցնէ հինգ տառէ բաղկացած բառ մը գուշակելու առիթ։ Բառերը գուշակելու համար՝ խաղացողը ունի վեց փորձի իրաւունք, եւ ամէն բառ մը դնելուն՝ խաղը ցոյց կու տայ թէ ո՛ր տառերուն տեղերը կը համընկնին բուն բառի տառերուն՝ – Եթէ տառը ճիշդ է բայց տեղը սխալ է բառին […]

Բարեւ կրիայ

Եկէ՛ք, կրիային հետեւինք եւ տեսնենք թէ եղանակէ եղանակ՝ ի՛նչ կայ չկայ։ Նախատեսուած է 0-3 տարեկաններու համար։