մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Կաղանդ

Կաղանդ է այսօր՝ տօնածառի օր… Ծառը զարդարենք, երգենք ու պարենք… Կաղանդ է այսօր՝ երգի պարի օր… Ծառը զարդարենք, երգենք ու պարենք, լաւ օրեր մաղթենք… Կաղանդ է այսօր՝ մաղթանքներու օր… Ծառը զարդարենք, երգենք ու պարենք, լաւ օրեր մաղթենք, չիր չամիչ ուզենք… Չամիչ տուէք, ճակատիս շարեմ… Կաղին տուէք, ականջէս կախեմ… Ընկոյզ տուէք, գլխուս ջարդեմ… Ծառը զարդարենք, երգենք […]

Կաթսային մէջ Բ

Տերեւը՝ որթատունկի տերեւը… Միջուկը՝ սոխը, ձէթը, բրինձը եւ ազատքեղը… Սոխը, ձէթը, բրինձը, ազատքեղը եւ անանուխը… Սոխը, ձէթը, բրինձը, ազատքեղը, անանուխը եւ համեմը… Սոխը, ձէթը, բրինձը, ազատքեղը, անանուխը, համեմը եւ լեմոնը… Որթատունկի տերեւը, մէջը դրի միջուկը՝ սոխը, ձէթը, բրինձը, ազատքեղը, անանուխը, համեմը եւ լեմոնը… Աջէն ձախէն ծալեցի եւ մատիկ մատիկ փաթթեցի… Աջէն ձախէն ծալեցի, մատիկ մատիկ […]

Կաթսային մէջ Ա

Սմբուկին փորը պարպեցի, մէջը բրինձ լեցուցի… Կաթսային մէջ, լոլիկի ջուրով եփեցի… Ես անօթի, դուն անօթի, սմբուկը ինծի թէ քեզի… Դդումին փորը պարպեցի, մէջը բրինձ լեցուցի… Կաթսային մէջ, սմբուկին հետ լոլիկի ջուրով եփեցի… Ես անօթի, դուն անօթի, դդումը ինծի թէ քեզի… Պղպեղին փորը պարպեցի, մէջը բրինձ լեցուցի… Կաթսային մէջ, սմբուկին հետ, դդումին հետ, լոլիկի ջուրով եփեցի… […]

Կաթնապուրը

Խոտը կովը՝ կանանչ խոտը, կարմիր կովը… Կովը կաթը՝ կարմիր կովը, ճերմակ կաթը… Կաթը, բրինձը, շաքարը՝ ճերմակ կաթը, խաշած բրինձը, քանի՞ գաւաթ շաքարը… Ճերմակ կաթը, խաշած բրինձը, երկու գաւաթ շաքարը, երեք դգալ վարդի ջուրը… Գաւաթը՝ սուրճի, դգալը՝ թէյի… Ճերմակ կաթը, խաշած բրինձը, երկու գաւաթ շաքարը, երեք դգալ վարդի ջուրը, ահաւասիկ կաթնապուրը… Խոտը, կովը, կաթնապուրը՝ կանանչ խոտը, […]

Կոտոշ կոտոշ

Ձեռնախաղ՝ երեքէն ութ տարեկաններու համար…։ Կրկնել՝ Կոտոշ կոտոշ, եւ մատներով զոյգ մը կոտոշ տեղաւորել գլխուն վրան, երբ կը լսեն կենդանիին անունը…։ Կոտոշ, կոտոշ, այծուկի կոտոշ…։ Պէէէէէ…։ Կոտոշ, կոտոշ, նոխազի կոտոշ…։ Պէէէէէէէէէ…։ Կոտոշ, կոտոշ, կովուկի կոտոշ…։ Մուուուու…։ Կոտոշ, կոտոշ, ցուլի կոտոշ… Հայտըտա տըմպա, տըմպա, տըմպա։ Կոտոշ, կոտոշ, պատառաքաղի կոտոշ…։ Խաղերուն մէջ երբեմն մտցնել անհեթեթ պատկեր մը, […]

Կրկնագիր մարդը

Գիրգոր Պըլտեանի «Գիշերադարձ» վիպաշարքին 8րդ միաւորն է այս մէկը։ Հին Ազթեքներու մասնագէտ, տարիներէ ի վեր անոնց նշանագրերը եւ պատկերագրութիւնը վերծանելու գործին լծուած ազգագրագէտ գիտուն մը (որ սակայն նոյն այդ Ազթեքներուն եւ անոնց անհետացած լեզուին ժառանգորդը կը նկատէ ինքզինք) կ՚ուզէ իր ինքնակենսագրութիւնը գրել կամ գրել տալ։ Այդ ընելու համար՝ կը դիմէ պատմասանին, որ լրագրական մարզին հետեւող […]

Կայաններ

Սոյն հատորը ծաղկաքաղի ձեւով իր մէջ կ՚ամփոփէ Վահէ Օշական (1922-2000) բանաստեղծական լման վաստակը, ընտիր հատոածներ հրամցնելով հեղինակին գրեթէ բոլոր քերթողական հատորներէն, թիւով ութը. Պատուհան (1954), Քաղաք (1963), Քառուղի (1971), Ահազանգ (1980), Խուճապ (1983), Արուարձաններ (1991), Ինքնութիւն (1996), Ճամբորդը (յետ մահու, 2006)։ Ասոնցմէ միայն Քաղաքը տպուած է հոս ամբողջութեամբ։ Հատորին խմբագիրն է Գրիգոր Պըլտեան։ Սկիզբը դրուած […]

Կամուրջներ շինենք Ե.

«Կամուրջներ շինենք» պատկերազարդ գրքոյկներ են, որ ընթերցողին կը ծանօթացնեն զանազան բնապահպանական նիւթերու։ Գրքոյկները նաեւ կը պարունակեն լեզուական խաղեր, բնապահպանութեան մասին սորվիլը աւելի հաճելի դարձնելու նպատակով։ «Կամուրջներ շինենք» պատկերազարդ գրքոյկին այս անգամուան նիւթն է վերամշակումը։ Ընթերցողը նաեւ կը ծանօթանայ զանազան այլ բնապահպանական նիւթերու։ Գրքոյկը կը պարունակէ խաղեր, բնապահպանութեան մասին սորվիլը աւելի հաճելի դարձնելու նպատակով։ Գրքոյկները պատրաստուած […]

Կամուրջներ շինենք Դ.

«Կամուրջներ շինենք» պատկերազարդ գրքոյկներ են, որ ընթերցողին կը ծանօթացնեն զանազան բնապահպանական նիւթերու։ Գրքոյկները նաեւ կը պարունակեն լեզուական խաղեր, բնապահպանութեան մասին սորվիլը աւելի հաճելի դարձնելու նպատակով։ «Կամուրջներ շինենք» պատկերազարդ գրքոյկին այս անգամուան նիւթերն են ծառերը եւ անտառները։ Ընթերցողը նաեւ կը ծանօթանայ զանազան այլ բնապահպանական նիւթերու։ Գրքոյկը կը պարունակէ խաղեր, բնապահպանութեան մասին սորվիլը աւելի հաճելի դարձնելու նպատակով։ […]