Մինչ մազերս կ՚երկննային
Մինչ մազերս կ՚երկննային գիրքը ընթերցողը կը տանի վարսայարդարի մը խանութը, ուր ան պիտի ծանօթանայ զանազան տիպարներու եւ յայտնաբերէ նոր զգացումներ։ Գիրքէն լաւագոյնս օգտուելու համար պատրաստուած են յատուկ ստեղծարար գրագիտութեան նիւթեր եւ ուսուցիչի ուղեցոյց մը, որոնց կարելի է հասնիլ «վարժութիւններ» յղումին հետեւելով։
Մտածենք եւ լուծենք
Մտածենք եւ լուծենք շարքի դասագիրքերը գործածելով երեխաները կը յայտնաբերեն թուաբանութեան աշխարհին զանազան հարստութիւնները։ Ընտրուած նիւթերը եւ վարժութիւնները փոքրիկ թուաբանագէտները կը մղեն ինքնուրոյն աշխատանքի, գիտելիքներ կառուցելու եւ խնդիրներ լուծելու միջոցաւ։ Թուաբանութեան հայերէնով դասաւանդումը մասնաւորապէս քաջալերելի է, նոյնիսկ անհրաժեշտ, որպէսզի ճանաչողական կազմաւորումը յաջող ընթանայ, եւ որպէսզի երեխաները լեզուն վերացական մակարդակի իւրացնել եւ հարուստ յղացական բառապաշարի մը տիրապետել […]
Մուկը
Մուկը ընդհանրապէս մոխրագոյն կ’ըլլայ, սեւ ու ճերմակ՝ մոխրագոյն… Երբ մութ է՝ մո՜ւս մութ, սե՛ւ կ’ըլլայ՝ սե՛փ սեւ… Երբ ալիւրի պարկը մտնէ, ալիւրի պարկէն ճերմա՛կ կ’ելլէ՝ ճե՛փ ճերմակ… Երբ սուրճ խմէ, սրճագոյն կը դառնայ՝ սուրճի՛ գոյն… Երբ սիրահար ունենայ, վարդագո՛յն կը դառնայ՝ վարդի՛ գոյն… Երբ բարկանայ, կարմիր կ’ըլլայ՝ կա՛ս կարմիր… Երբ իւղով միւղով տապկուի, նարնջագոյն կը […]
Մատիկին փուշը
Երկինքին մէջ լուսաստղը, լուսաստղին տակ ախոռը, ախոռին մէջ մսուրը, մսուրին մէջ լո՛յս Մանուկը… Փո՛ւշ մտեր էր Մանուկին մատիկը, չէ՞ որ յարդն էր իր անկողինը… – Փո՛ւշ մտեր է մանուկին մատիկը, փո՛ւշ մտեր է մանուկին մատիկը… Մէկը միւսին փսփսացին, քով քովի թառած, մսուրը հսկող ճնճղուկները… Թը՜ռ թռաւ ամենէն փոքրիկ ճնճղուկը, մտաւ մսուրին մէջը, կտուցով հանեց Մանուկին […]
Մէկը եւ միւսը
Մէկը ըսաւ՝ ա՛յ, միւսը ըսաւ՝ ո՛ւյ… Մէկը ըսաւ՝ վա՛յ, միւսը ըսաւ՝ վո՛ւյ… ե՛ւ… այ ույ, այ ույ, վայ վույ, վայ վույ, ախ օխ, ախ օխ, սո՜խ… Ես կը ծեծեմ սոխ սխտոր, ես կը ծեծեմ սոխ սխտոր, այ ույ, վայ վույ, ախ օխ, սո՜խ, ա՛յ, սխտոր…
Մեր փեսան
Ելանք գացինք շուկայ, գնեցինք սոխ սխտոր, փեսայ մը կ՚ուզենք անունը Գրիգոր… Տղայ անունդ Գրիգոր, բախտաւոր ըլլաս, տուն տեղ ունենաս, երջանիկ ըլլաս… Սոխ սխտոր եւ… Ելանք գացինք շուկայ, գնեցինք լոլիկ, փեսայ մը կ՚ուզենք անունը Անդրանիկ… Անդրանիկ, քաջ Անդրանիկ, բախտաւոր ըլլաս, տուն տեղ ունենաս, երջանիկ ըլլաս… Սոխ սխտոր, լոլիկ եւ… Ելանք գացինք շուկայ, գնեցինք պղպեղ, փեսայ մը […]
Մեր ամառը
Բարի եկաք՝ ըսաւ ճանճը Տիկին մժեղին… Բարի տեսանք՝ ըսաւ մժեղը Պարոն ճանճին… Ինչպէ՞ս էք… Ձեզ տեսանք, լա՛ւ եղանք, դո՞ւք ինչպէս էք… Լա՛ւ ըսենք որ լա՛ւ ըլլանք… Պարոն ճանճը, Տիկին մժեղը մտերմացան եւ միասին մեր վրան յարձակեցան… Մէկը գիշերը, միւսը ցերեկը, մէկուն քը՛շ քըշ, միւսին փը՛շտ փըշտ… Քը՛շ քըշ, փը՛շտ փըշտ, ահաւասիկ մեր ամառը… Քը՛շ քըշ, […]
Մեծ հայրիկին ակնոցը
Չկայ, չկայ ակնոցը, մեծ հայրիկին ակնոցը… Ինչպէ՞ս կարդայ մեծ հայրիկը այսօրուան օրաթերթը… Տաբատին գրպանը՝ չէ, շապիկին գրպանը՝ չէ, չէ… Չկայ, չկայ ակնոցը, մեծ հայրիկին ակնոցը… Ինչպէ՞ս կարդայ մեծ հայրիկը այսօրուան օրաթերթը… Տաբատին գրպանը՝ չէ, շապիկին գրպանը՝ չէ, բաճկոնին գրպանը՝ չէ, վերարկուին գրպանը՝ չէ, չէ… Չկայ, չկայ ակնոցը, մեծ հայրիկին ակնոցը… Ինչպէ՞ս կարդայ մեծ հայրիկը այսօրուան […]
Մատնախաղ
Մատիկ մատիկ, բթամատիկ… Մատիկ մատիկ, ճկոյթիկ… Բթամատը ճկոյթին, ճկոյթը բթամատին… Մէկ թիզ, երկու թիզ, երեք թիզ, քանի՞ թիզ… Ինքը մէկ թիզ, լեզուն եօթը թիզ… Մատիկ մատիկ, բթամատիկ… Մատիկ մատիկ, ցուցամատիկ… Բթամատը ցուցամատին, ցուցամատը բթամատին… Մէկ քիլ, երկու քիլ, երեք քիլ, քանի՞ քիլ… Քիլ քիլ, չափէ, քիլօ քիլօ, կշռէ ու քալէ… Մէկ քայլ, երկու քայլ, երեք […]
Մահճակալիս տակ
Մահճակալիս տակ, տա՛կ, կայ մժեղ մոծակ, ծա՛կ, ամեն գիշեր կը նուագէ՝ մէկ, երկու, երեք, չորս, չորս թելով ջութակ, թա՛կ… Մահճակալիս տակ, տա՛կ, կայ մժեղ մոծակ, ծա՛կ, ամէն գիշեր կը նուագէ՝ մէկ, երկու, երեք, երեք թելով ջութակ, թա՛կ… Մահճակալիս տակ, տա՛կ, կայ մժեղ մոծակ, ծա՛կ, ամէն գիշեր կը նուագէ՝ մէկ, երկու, երկու թելով ջութակ, թա՛կ… Մահճակալիս […]