մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Երաժշտական արխիւ

Օսմանեան շրջանի հայկական աշխարհը իր բազմազանութեամբ ծանօթացնելու իր նպատակէն մեկնելով, Յուշամատեանը լայն տեղ կու տայ նաեւ երաժշտութեան։ Թէ՛ կայքէջին, թէ՛ առանձին SoundCloud-ի էջին վրայ տեղադրուած հաւա¬քածոներով, Յուշամատեանը հարիւրաւոր թուայնացուած երաժշտական կտոր¬ներ կը հրամցնէ, որոնք ի մի բերուած են զանազան անհատական արխիւներ համախմբող աշխա¬տան¬քին շնորհիւ։ Ներկայացուած երգացանկերը օսմանեան շրջանի Հայերուն մշակութային բազ¬մա-զանութիւնը լաւապէս կը դրսեւորեն, ու […]

Յուշամատեան

«Յուշամատեան»-ի հիմնական նպատակն է հետազօտութիւններու ճամբով վերականգնել ու պահպանել  Օսմանեան կայսրութեան հայերուն կեանքին յիշողութիւնը։ Յօդուածներու, քարտէսներու, նկարներու, ձայնային արձանագրութիւններու եւ տեսերիզներու միջոցաւ, կայքէջին այցելուները կը յայտնաբերեն օսմանեան հայերու կեանքը, արուեստները, արհեստները, ուտելիքները, կրթական եւ հոգեւոր կեանքը, ընկերային միջավայրը եւ շատ աւելին։ Յուշամատեան կայքէջին մէջ կան երեք հիմնական բաժիններ. առաջին, յօդուածներ աշխարհագրական յատուկ վայրի մը հայկական […]

Յակոբներ

Գրիգոր Պըլտեան “Գիշերադարձ” յորջորջուած վիպաշարին 9րդ միաւորն է այս մէկը։ Նախորդ միաւորներ էին՝ Սեմեր (1997), Հարուածը (1998), Նշան (2001), Պատկերը (2003), Անունը լեզուիս տակ (2003), Երկուք (2006), Շրջում (2012) եւ Կրկնագիր մարդը (2015)։ Լրագրական ասպարէզի սեմին, Պէյրութ վերադարձած պատմասանը թերթի մէջ տպուած հին մահազդէ մը մեկնելով, հետախուզութեան մը կը ձեռնարկէ։ Անհետացողին դէմքը, կեանքը, ինքնութիւնը կ՚ուզէ […]

Յակոբ Օշականի ամբողջական գործերը

«Մատենագրութեան թուանշային գրադարան»-ի գրական հսկայական պաշարին մաս կը կազմեն՝ Յակոբ Օշականի ամբողջական գործերը, որոնք թուայնուացուած են եւ հանրութեան անվճար հրամցուած։ Յակոբ Օշականի հաւաքածոն կու գայ ճոխացնելու այս թուային գրադարանին արդէն իսկ հարուստ արեւմտահայ եւ Սփիւռքի գրականութեան բաժինը, որ կ՚ընդգրկէ 600-ի շուրջ վերնագիր։ Օշականի գործերուն անմիջական հասանելիութեան շնորհիւ՝ այս գործերը տրամադրելի պիտի ըլլան զանազան գրական, գեղարուեստական […]

Յ Ժապաւէն

«յ – Յ» գիրը կայ, ձայնը չկայ – էջ 12՝   թէ՛ «յ – Յ» գիրը կայ, թէ՛ ալ «այ» ձայնը – էջ 16՝   թէ՛ «յ – Յ» գիրը կայ, թէ՛ ալ «ույ» ձայնը – էջ 19՝   «ոյ» կը տեսնենք, բայց «ու», «օյ» կամ «օ» կը լսենք – էջ 23՝

Յովհաննէս Ադամեան

«Գիւտ մը, նիւթ մը» տեսերիզներու շարքին իւրաքանչիւր տեսերիզը կը ներկայացնէ գիտական նիւթ մը՝ մանուկներուն եւ պատանիներուն ուղղուած։ Ճամբայ ելլելով հայ գիւտարարի մը հնարքէն, կ՚ընդլայնէ նիւթը եւ կը ներկայացնէ հետաքրքրական գործիք մը կամ աշխատանք մը։ Պատմուած մեծ մասամբ երեխաներուն կողմէ, տեսերիզները արեւմտահայերէն են եւ արդիական միջոցներով պատկերուած, գրաւիչ դառնալու համար ժամանակակից երեխային եւ պատանիին։ Հեղինակ եւ […]