Պալատին բանալին
Թագաւորը հարցուց թագուհիին, թագուհին հարցուց իշխանին, իշխանը հարցուց իշխանուհիին՝ ո՞ւր է պալատին բանալին… Իշխանուհին պատասխանեց իշխանին, իշխանը պատասխանեց թագուհիին, թագուհին պատասխանեց թագաւորին՝ չկայ պալատին բանալին… Բանալին կորսնցուցի, ծակը ծուկը փնտռեցի, ոսկի բանալի, արծաթ բանալի, պալատին դուռը ինչպէ՞ս բացուի… Բանալին կորսնցուցի, ծակը ծուկը փնտռեցի, ոսկի բանալի, արծաթ բանալի, պալատին դուռը թող բացուի…
Պատառիկներ
Պատառիկները խաղիկներ են կամ շուտասելուկներ, երբեմն երգային, որոնք թերեւս կարենան ժպիտով եւ ծիծաղով համեմել փոքրիկներուն, ինչո՞ւ ոչ նաեւ մեծերուն անմիջական առօրեան։ Ամեն ամիս տասներկու պատառիկ կապուած եղանակին եւ տօներուն։
Պատճառ եւ հետեւանք
Պտուղներ
Պատկեր, պատում, պատմութիւն – հատոր 2
Սոյն հատորը կը մէկտեղէ Սփիւռքէն տարածքէն առաջ՝ Աղէտի՛ տարածքին եւ ոլորտին պատկանող չորս վիպագիրներու գործերուն շուրջ ուսումնասիրութիւններ, սկիզբը՝ Զապէլ Եսայենի եւ Գրիգոր Պըլտեանի, ետքը սակայն ստիպողաբար՝ Շահնուրի եւ Որբունիի, որոնք աւելի կանուխէն Մարկ Նշանեանի վերլուծական գրգռութիւնը մօտեցումը արթնցուցած էին։ Վերջաւորութեան զետեղուած երկու ուսումնասիրութիւններ, այս անգամ՝ միայն Զարեհ Որբունիին նուիրուած, կը փորձեն անգամ մը եւս վերապրողի […]
Պատկեր, պատում, պատմութիւն – հատոր 1
Սոյն հատորը կը պարունակէ երեք ուսումնասիրութիւններ։ Առաջինը՝ «Ինքն իր պատկերը…» Կարոլ Ֆէկէտէ անունով լուսանկարիչ արուեստագիտուհիի մը պատկերներէն մեկնելով՝ կը հանդիպի Մորիս Բլանշոյի 1955ի Գրական տարածքը գիրքին մէջ որպէս յաւելուած հրամցուած պատկերի շուրջ մտորումներուն, ու կը բացատրէ թէ 1948էն (Մահավճիռը) մինչեւ 1957 (Վերջին մարդը) Բլանշոյ վերապրողի կերպարին շուրջ աննախընթաց աշխատանք մը կատարած է։ Երկրորդը՝ «Պատմութեան զգացողութիւնը» […]
Պէյրութի հայանուն փողոցները
«Պէյրութի հայանուն փողոցները» ուսումնասիրութիւնը կը ներկայացնէ Սփիւռքի ամենէն կարեւոր կեդրոններէն մէկուն՝ Պէյրութի փողոցները, որոնք հայկական անուն կը կրեն կամ կրած են մօտիկ պատմութեան մէջ։ Պարզապէս անուանումները ներկայացնելէն աւելի, ուսումնասիրութիւնը տալով այս անուանումներուն պատմականը, նաեւ կը ներկայացնէ փողոցներուն հասարակական պատմութիւնը, ձեւով մը ներկայացուցած ըլլալով ամբողջ գաղութին պատմութիւնը։ Օժտուած մեծ քանակութեամբ հին եւ նոր նկարներով եւ քարտէսներով, […]