մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Ինքնութիւն – Սփիւռք

Աշխատութիւնը խնդրոյ առարկայ կը դարձնէ Սփիւռքի հայու ինքնութիւնը ժամանակակից աշխարհին մէջ։ Գրիգոր Պըլտեանի 75 ամեակին նուիրուած այս շարքը կը ներկայացնէ գրողին անտիպ թէ տպուած երկերէն հատընտիր անջատ գործեր։ Նախաձեռնութիւնն է «Գրիգոր Պըլտեանի բարեկամներու շրջանակ»ին։

Սփիւռք եւ ինքնացում

Սփիւռքը կը սկսի գրութեամբ մը որ կը կոչուի «Երկրորդ հաւասարում բազմաթիւ անյայտներով»։ Կը գտնուի այս հատորին կեդրոնին, եւ իր շուրջ՝ տարիներու երկայնքին գրուած ճոխ ընտրանի մը վերլուծական էջերու եւ ուսումնասիրութիւններու – երկու «նոր ծնունդ»ներէ սերող, եւ որ կ՚ընդգրկէ այսօր հարիւր տարուան վրայ երկարած սփիւռքահայ գրականութիւնը…։ Առաջին «Նոր ծնունդ»ը՝ կը ներառէ յետ-եղեռնեան ֆրանսահայ գրագէտներ, երկրորդը՝ Միջին […]

սիրուն աշուն

հովանոցը բա՛ց, հովանոցը գո՛ց, կ՚ուզեմ երթալ դպրո՛ց… անձրե՛ւ է, անձրե՛ւ է, ըսաւ մուկը, մտաւ ծակը… հոգս չէ՛, հոգս չէ՛, ըսաւ ձուկը, շարժեց պոչը… կարմիր, դեղին եւ կանանչ… կանանչ, դեղին եւ կարմիր… աշուն է, աշո՜ւն, սիրուն է, սիրո՜ւն…

Սիրանուշ

Տնակ մը, ուր նո՛յն օրը կը կրկնուի, նո՛յն ապուրը կ՚եփի, սակայն գիշերը, բի՜ւր երազներ կը հիւսուին… Սիրանուշ՝ երազներու աշխարհը հսկող, մղձաւանջները հեռո՜ւ քշող, գրոց բրոց վհուկը, որ տնակին ժամացոյցին թըխկոցով՝ թը՛խկ չըխկ կշռոյթով, պիտի ներառնէ ընթերցողը անտրամաբանական աշխարհի մը մէջ, անվերջ պտտուող շուրջպարով…

Սփիւռք մատենաշար

Սփիւռք Մատենաշարը ընթերցողին կը հրամցնէ հայ գրականութենէն ընտրանի մը՝ գիրքեր որոնց հրատարակութիւնները սպառած են եւ կամ քիչ ծանօթ են հանրութեան, հակառակ անոնց կարեւոր պատմական դերին եւ գրական արժէքին։ «Ակտուալ Արուեստ»-ի նախաձեռնութեամբ Երեւանի մէջ հրատարակուած այս գիրքերը, ընթերցողներուն կը ներկայացնէ արեւմտահայ սփիւռքի փորձառութիւնը, անոր արտադրած գրականութեան միջոցաւ։ Գիրքերը կարելի է նաեւ տրամադրելի դարձնել դպրոցական եւ դասարանային […]

Սուտ աղուէսիկ

Որթատունկը, ողկոյզը… Որթատունկը, ողկոյզը… Աղուէսը մօտեցաւ որթատունկին, աչքը տնկեց ողկոյզին… Անօթի էր աղուէսը, կ’ուզէր ուտել խաղողը… Բարձրացուց թաթիկները, սակայն ողկոյզը ո՜ւր, թաթիկները ո՜ւր, կը չարչարուէր ի զուր… Կեցաւ ոտիկներուն ծայրը, բարձրացուց թաթիկները, սակայն ողկոյզը ո՜ւր, թաթիկները ո՜ւր, կը չարչարուէր ի զուր… Ցատկեց աղուէսը մէկ անգամ, երկու անգամ… Ցատկեց աղուէսը տասը անգամ, քսան անգամ, սակայն ողկոյզը […]

Սառնարանը

Դուռը գոց է, դուռը բաց է, գոց է, բաց է, սառնարանը լե՛փ լեցուն է… Դուռը գոց է, դուռը բաց է, գոց է, բաց է, սառնարանը լեփ լեցուն է, իսկ փորիկս պա՛ս պարապ է… Դուռը բաց է, դուռը գոց է, բաց է, գոց է, սառնարանը պա՛ս պարապ է… Դուռը բաց է, դուռը գոց է, բաց է, […]

Սոխ սխտոր

Խմբային խաղերու շարք Թէ ձեռնախաղ, թէ մարմնախաղ, եւ թէ խմբային խաղ, երեքէն ութ տարեկաններու համար…։ Ա – Սոխ սխտոր Սոխ, սխտոր, սոխ, սխտոր…։ Ես կը ծեծեմ սոխ սխտոր…։ Ինչո՞վ ծեծեմ սոխ սխտոր…։ Մեծ քիթով… Կզակով…։ Ուսերով… Արմուկով…։ Դաստակով…։ Ես կը ծեծեմ սոխ սխտոր…։ Ինչո՞վ ծեծեմ սոխ սխտոր…։ Ծունկերով…։ Մէկ ոտքով… Միւս ոտքով…։ Մէկ ոտքով եւ […]

Սոխ սխտոր ոտնախաղ

Ոտնախաղ՝ չորսէն ութ տարեկաններու համար…։ Քալել լարախաղացի մը նման, կօշիկին կրունկը փակցնելով կօշիկին քիթին եւ կրկնելով՝ Ես սխտոր եմ, դուն ի՞նչ ես Սոխ եմ…։ Սոխ սխտոր, սոխ սխտոր…։ Խաղը պարզ է. սակայն հաւասարակշռութիւն պահելը ոչ այնքան դիւրին…։ Կը շահի ան, որ իր ոտքով կամ կօշիկով կը փակէ վերջին բացուածքը…։ Կը հոտիս կը հոտիս Անդին գնա՛ […]