Փաթթուկ – բ
խաղալ վերամուտին Բուրդ է, բամպակ է, բուրդ է, բամպակ է, բուրդ է, բամպակ է, փաթթո՜ւկ է…
Փաթթուկ – ա
խաղալ վերամուտին Բուրդ է, բամպակ է, բուրդ է, բամպակ է, բուրդ է, բամպակ է, փաթթո՜ւկ է…
Փաթթուկ
Մէկ երկու, կը մեծնամ… Երեք չորս, կը խաղամ… Հինգ վեց, կը խնդամ… Եօթը ութ, եթէ լամ… Ինը տասը քովդ կու գամ, փաթթո՛ւկ կու տամ… Մէկ երկու, կը մեծնաս… Երեք չորս, կը խաղաս… Հինգ վեց, կը խնդաս… Եօթը ութ, եթէ լաս… Ինը տասը քովս կու գաս, փաթթո՛ւկ կու տաս…
Փիղը
Փիղը փողը, երկա՜ր փողը… Փողը փիղը, հսկա՜յ փիղը… Փչեց փիղը, հսկա՜յ փիղը… Հնչեց փողը, երկա՜ր փողը… Փիղը փողը, փողին ձայնը… Փողը փիղը, փիղին ձայնը… Փիղը փողի ձայն ունի, փողը փիղի ձայն ունի… Փողը փիղի ձայն ունի, փիղը փողի ձայն ունի…
Փետրուար
Փթիթ
«Փթիթ»ը ե՛ւ կայքէջ է, ե՛ւ խելախօսի յաւելուած։ Որպէս մանկապատանեկան պարբերաթերթ սկսած է «Փթիթ»ը, ծնունդ առնելով Պէյրութի մէջ 2010 թուականին։ «Փթիթ»ը հարուստ է իր զանազան տեսակի խաղերով. լեզուական, թուաբանական, տրամաբանական եւ ժամանցի։ Ունի նաեւ այլ հետաքրքրական բաժիններ՝ պատ-մութիւն, առակ, հանելուկ եւ ժպիտ։ Իր մատչելի բաժիններով, «Փթիթ»ին կայքէջը հետաքրքրական կայան մըն է, որուն կարելի է երկար ժամեր […]
Փոքրիկ
«Փոքրիկ»-ը արեւմտահայերէն հէքիաթներ հրամցնող կայքէջ մըն է, որ ծնունդ առած է Պոլսոյ մէջ 2014-ին։ Հոս ներկայացուած աւելի քան 100 լսատեսողական հէքիաթները փոխ առնուած են ժողովրդական գրականութենէն, տարբեր ժողովուրդներու աւանդական ու ժողովրդական առասպելներէն, դիցաբանութիւններէն, առակներէն, ինչպէս նաեւ համաշխարհային մանկական գրականութեան դասականներէն եւ ժամանակակից աղբիւրներէ: «Փոքրիկ»-ի ծանուցումը կ՚ըսէ թէ իր նպատակն է «հաստատել աւելի ջերմ եւ մտերիմ […]
Փոքրիկ Նիկոլը
Փոքրիկ Նիկոլը ամենէն չարուկ, ամենէն խելացի եւ նոյն ատեն ամենէն զգայուն տղան է։ Դպրոցին մէջ տեսակ տեսակ արկածներ կ՚ունենայ իր ընկերներուն հետ։ Ընթերցողները պիտի սիրեն փոքրիկ Նիկոլը եւ անոր հետ պիտի անցնեն զուարթ եւ հաճելի ժամանակ։ Արեւմտահայերէն թարգմանութիւնը վեց պատմուածքներ կը ներկայացնէ, որոնք առնուած են Փոքրիկ Նիկոլի «Դպրոցական Վերամուտը» գիրքէն։ Հրատարակութիւնը մաս կը կազմէ «Ֆրանսայի […]
Փ Ժապաւէն
Փոթորիկ
Այս գիրքը պատմութիւնն է Փոթորիկ անունով շնիկին։ Այստեղ, պատկերներն են որ կը խօսին, ո՛չ բառերը։ Փոթորիկ նախ եւ առաջ բարեկամութեան մը պատմութիւնն է։ Անխօս գիրքերու յատկութիւնը այն է, որ զանազան միջավայրերու եւ հանդիպումներու ընթացքին կարելի է գործածել զանոնք մասնակիցներուն հետ միասին պատմութիւններ հիւսելու եւ զրոյցներ զարգացնելու համար։