մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Ինքնութիւն – Սփիւռք

Աշխատութիւնը խնդրոյ առարկայ կը դարձնէ Սփիւռքի հայու ինքնութիւնը ժամանակակից աշխարհին մէջ։ Գրիգոր Պըլտեանի 75 ամեակին նուիրուած այս շարքը կը ներկայացնէ գրողին անտիպ թէ տպուած երկերէն հատընտիր անջատ գործեր։ Նախաձեռնութիւնն է «Գրիգոր Պըլտեանի բարեկամներու շրջանակ»ին։

Ի՞նչ է ժամանակակիցը

Այս գրքոյկը հայերէն թարգմանութիւնն է Ջորջո Ագամբենի Che cos’è contemporaneo? դասախօսութեան, որ կը վերաբերի մարդու եւ իր ժամանակի յարաբերութեան։ Ինչպէ՞ս ըլլալ ժամանակակից, պահելով որոշ հեռաւորութիւն մը ներկայի պայմաններէն։

Ի՞նչ է տրամադրիչը

Այս գրքոյկը հայերէն թարգմանութիւնն է Ջորջո Ագամբենի Che cos’è un dispositivo? փիքլիսոփայական փորձագրութեան, ուր տրամադրիչները կը ներկայացուին որպէս գոյացող ցանց մը՝ ուժի եւ իմացութեան յարաբերութիւններու։ Կ՚անդրադառնանք թէ տրամադրիչները միմիայն պարզ թեքնաբանական միջոցներ չեն եւ կը յաջողին էապէս այլափոխել մարդկային կեանքը։

Իմ մամաս ու ես

Մամային սեւ սեւ մազերէն կախուած, մէկէն մինչեւ ինը համրելով, համբերելով, դիտողը կը մանկանայ ու կը հասնի տաքո՜ւկ գիրկը մամային…

Ինչ որ ցանես

Այսօր լոլիկ ցանեցի, վաղը լոլիկ կը բուսնի… Ինչ որ ցանես, այն կը հնձես, կարմիր կարմիր լոլիկներ… Այսօր վարունգ ցանեցի, վաղը վարունգ կը բուսնի… Ինչ որ ցանես, այն կը հնձես, կանանչ կանանչ վարունգներ, կարմիր կարմիր լոլիկներ… Այսօր պղպեղ ցանեցի, վաղը պղպեղ կը բուսնի… Ինչ որ ցանես, այն կը հնձես, կծու անուշ պղպեղներ, կանանչ կանանչ վարունգներ, կարմիր […]

Իշուկը

Իշուկիս իշուկիս, գլուխը կը ցաւի, իրեն պէտք է գլխարկ մը, յարդէ պզտիկ գլխարկ մը… Յարդէ պզտիկ գլխարկ մը… Ո՛չ, ո՛չ… Յարդէ խոշոր գլխարկ մը… Ո՛չ, ո՛չ… Ժապաւէնով գլխարկ մը… Ո՛չ, ո՛չ… Գոյնզգոյն գլխարկ մը… Ո՛չ, ո՛չ… Իշուկի պո՛չ… Իշուկիս իշուկիս, պոչիկը կը ցաւի, իրեն պէտք է ընկեր մը, հաւատարիմ ընկեր մը… Ընկեր, ընկեր, խաղընկեր… Ընկեր, […]