մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

ձիւնը եւ ձմեռը

կը մսի՜մ, կը մսի՜մ, ձի՛ւն կու գայ, կը մսի՜մ… կը մսի՜մ, կը մսի՜մ, գլխարկ  չունիմ, կը մսի՜մ… գլխարկը ե՜ւ… կը մսի՜մ, կը մսի՜մ, վզկապ  չունիմ, կը մսի՜մ… գլխարկը, վզկապը ե՜ւ… կը մսի՜մ, կը մսի՜մ, թաթպան չունիմ, կը մսի՜մ… գլխարկը, վզկապը, թաթպանը ե՜ւ… գլխարկը, վզկապը, թաթպանը ե՜ւ ձիւնամա՛րդը… մե՜ծ գնդակ՝ ձիւնագնդակ… պզտի՛կ գնդակ՝ ձիւնագնդակ… պզտի՛կ կոճակ՝ […]

Ձմերուկը, դուն եւ ես

Ձմերուկը քնանալով կը մեծնայ, իսկ դո՞ւն… Գրելո՞վ թէ կարդալով… Կարդալո՛վ… Կարդալո՞վ թէ երգելով… Երգելո՛վ… Երգելո՞վ թէ պարելով… Պարելո՛վ… Պարելո՞վ թէ ուտելով… Ուտելո՛վ… Ուտելո՞վ թէ խմելով… Խմելո՛վ… Խմելո՞վ թէ խաղալով… Խաղալո՛վ… Խաղալո՞վ թէ խնդալով… Խնդալո՛վ… Ձմերուկը քնանալով կը մեծնայ, իսկ ե՞ս… Գրելո՞վ թէ կարդալով… Կարդալո՛վ… Կարդալո՞վ թէ երգելով… Երգելո՛վ… Երգելո՞վ թէ պարելով… Պարելո՛վ… Պարելո՞վ թէ ուտելով… […]

Ձմեռ եկաւ

Ձմեռ եկաւ, ձիւն եկաւ, արջուկին քունը եկաւ… Մշիկ մշիկ քնացաւ, մինչեւ գարունը հասաւ… Խըռըմ փըշ, խըռըմ փըշ, արջուկը քուն, ես արթուն… Ձմեռ եկաւ, ձիւն եկաւ, կրիային քունը եկաւ… Մշիկ մշիկ քնացաւ, մինչեւ գարունը հասաւ… Խըռըմ փըշ, խըռըմ փըշ, արջուկը քուն, կրիան քուն, ես արթուն… Ձմեռ եկաւ, ձիւն եկաւ, ոզնիին քունը եկաւ… Մշիկ մշիկ քնացաւ, մինչեւ […]