Պաթոլա կամ Բատոլա
Երկու հազար տասնութին ծնաւ Տարոսիկը։ Տարոսիկը՝ ափին մէջ ամփոփուող գիրք մը գողտրիկ, որ կ՚ընդգրկէ ամբողջ տարուան տօնական խաղիկները․․․ Փոքրիկ գիրքին հետ նաեւ քսակ մը, լի հազարաշէնի փայտիկներով․․․ Երա՛զ մը, որ ամէն մէկ երդիքէ մտնէր Տարոսիկը, ամէն մէկ ընտանիք, գլխուն վրայ ունենար հարազատ հազարաշէն մը ու հնչեցնէր մոռցուած կամ լռած, մեր հազար ու մէկ խաղիկները․․․ Տարոսիկը […]
Պուրակ
Պուրակը Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի հարթակն է, ուր կարելի է գտնել տեսերիզներու միջոցաւ դասաւանդուող զանազան նիւթեր: Նախատեսուած է նախակրթարանի երեխաներուն համար։ Ներկայիս հրամցուած 12 նիւթերը ընդգրկուած են հինգ վերնագիրներու տակ՝ «Հայ լեզու», «Պատմութիւն», «Աշխարհագրութիւն», «Թուաբանութիւն» եւ «Գիտութիւն»։ հրամցուած նիւթերը արեւմտահայերէնով կը հրամցնեն յղացքներու բացատրութիւններ եւ անոնց համապատասխան վարժութիւններ։ Ծրագրի կայքէջին վրայ կը կարդանք […]
Վահէ Պէրպէրեան
Պարոն Նիկողոս
Պարոն Նիկողոս՝ փողկապը կապած եւ երկար, փայտէ կոթով, կանանչ հովանոցը բռնած, միայնակ այն ծերունին է, որ օր մը՝ անպայման, պատահաբար պիտի հանդիպի ընթերցողին թաղին մէջ, փողոցին ծայրը կամ աւելի անդին՝ եկեղեցին… Պարոն Նիկողոս իր պարզ ու միօրինակ առօրեայով պիտի փայփայէ ընթերցողը եւ փողկապը կապած, երկար, փայտէ կոթով, կանանչ հովանոցը բռնած, պիտի առաջնորդէ ընթերցողը հին ու […]
Պարոն Սեդրակ
Պարոն Սեդրակ՝ սիրելի այն դերձակը, որ իր առօրեային պա՜րզ դրուագները ասեղ թելով կը թելակարէ, ընթերցողին թելադրելով հին ու համեստ, սակայն թանկագին արժէքներ, արժանիքներ…
Պըճինկօ
Ամենէն փոքրիկներուն համար՝ երկու, երեք տարեկան…։ Աղուէսիկը պիտի գայ…։ Թող գայ, թող գայ…։ Աղուէսիկը պիտի գայ…։ Թող գայ, թող գայ…։ Միտքը ծուռ է… պոչը ծաղիկ է, Աղուէսը եկաւ մութ անտառէն… Օ, պըճինկօ՛։ Հաւ մը գողցաւ մեր հաւնոցէն… Օ, պըճինկօ՛։ Երեսը ուռեցնել, ապա մատներով պայթեցնել փուչիկի նման երեսը, կրկնելով՝ Օ՛, պըճինկօ՛։ վայելելով փոքրիկին խենթուկ խնդուքը…։
Պարոն Սեդրակ
Պարոն դերձակ անունը Սեդրակ, կը կարէ շապիկ եւ տաբատ… Ասեղ, մատնոց եւ մկրատ, ճերմակ շապիկ, լայն տաբատ… Ասեղ, մատնոց եւ մկրատ, ճերմակ շապիկ, նեղ տաբատ… Ասեղ, մատնոց եւ մկրատ, ճերմակ շապիկ, լայն տաբատ… Ասեղ, մատնոց եւ մկրատ, ճերմակ շապիկ, նեղ տաբատ… Ասեղ, մատնոց եւ մկրատ, ճերմակ շապիկ, ծակ տաբատ… Պարոն դերձակ անունը Սեդրակ, կը կարէ […]
Պալատին խաղը
Թագաւորը հարցուց թագուհիին, թագուհին հարցուց իշխանին, իշխանը հարցուց իշխանուհիին՝ ի՞նչ է անունը այս խաղին… Իշխանուհին պատասխանեց իշխանին, իշխանը պատասխանեց թագուհիին, թագուհին պատասխանեց թագաւորին՝ պէտք է հարցնել սպարապետին… Ձի ձի, ճերմակ ձի… Ձի ձի, սեփ սեւ ձի… Թամբը, սանձը, սպարապետը… Թամբը, սանձը, ասպետները… Ասպե՛տ, սպարապե՛տ… Ճատրակ, ճակատամարտ… Ասպե՛տ, սպարապե՛տ… Ճատրակ, ճակատամարտ…
Պանանը
Հինգ հատ կապիկ հագած շապիկ, տաբատ կօշիկ, ժողովի նստան կլոր սեղան… – Ես չար բաներ չե՛մ տեսներ, չե՛մ տեսներ… ըսաւ առաջին կապիկը… – Ես չար բաներ չե՛մ լսեր, չե՛մ լսեր… ըսաւ երկրորդ կապիկը… – Ես չար բաներ չե՛մ ըսեր, չե՛մ ըսեր… ըսաւ երրորդ կապիկը… – Ես չար բաներ չե՛մ ըներ, չե՛մ ըներ… ըսաւ չորրորդ կապիկը… Հինգերորդ կապիկը քերեց գլուխը […]
Պալատին ճաշը
Թագաւորը հարցուց թագուհիին, թագուհին հարցուց իշխանին, իշխանը հարցուց իշխանուհիին՝ ի՞նչ է անունը այս ճաշին… Իշխանուհին պատասխանեց իշխանին, իշխանը պատասխանեց թագուհիին, թագուհին պատասխանեց թագաւորին՝ պէտք է հարցնել խոհարարին… Պալատին խոհարարը խոհանոցէն՝ խաշ է անունը այս ճաշին… Խաշը ճաշ է, ճաշը խաշ է… Խաշը ճաշ է, ճաշը խաշ է… Խաշը ճաշ է, նախաճաշ է…